ՎԼՈՒՄ-ը հայկական ամենամեծ թուային գրադարանն է, որ կը հայթայթէ ել-գիրքեր, ձայնային գիրքեր եւ շարժանկարային շարքեր: Այս հարթակը տասնամեակը բոլորած է արդէն ծառայելով անկախ ընթերցողներու եւ կրթական հաստատութիւններու —ներառեալ դպրոցներ եւ գրադարաններ: ՎԼՈՒՄ-ի ընդմէջէն կրնաք ուսումնասիրել դասական եւ ժամանակակից գրականութեան թուայնացած մեծ թիւով գիրքեր եւ ունկնդրել ձայնային հազարաւոր ժամերու արձանագրեալ գրականութիւն, հայերէնի զոյգ լեզուաճիւղերով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն:
ՎԼՈՒՄԻԿի մասին
ՎԼՈՒՄԻԿը մեր հարթակն է, որ կարելութիւն կու տայ բաժնեկցիլ կրթական ուղին ոգեշնչող պատմութիւններ, թէ ինչպէս հայ գրականութիւնը կը կենդանացնէ դասարանները եւ կը կապէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ուսանողները։ Հոս մենք բոլորիս համար կը տեղաւորենք աշխարհի տարածքին ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն տարած աշխատանքէն բաժիններ, որոնք իրենց ուսանողներու խումբերուն հետ կենդանութիւն կու տան հայ գիրքերուն։
Պարբերաբար տեղեկութիւններ պիտի ստանաք հետեւեալներու մասին.
Նոր գիրքերու յայտարարութիւններ եւ ընթերցանութեան նոր ցանկեր,
ՎԼՈՒՄԻԿ կայքէջը օգտագործելու մասին դպրոցներէ եւ մանկավարժներէ ակնարկներ,
Թուային եւ ձայնային գիրքերով ուսուցանելու ձեւեր,
Հարթակին թարմացումները եւ կրթական նոր հնարաւորութիւններ,
Ընթերցումը ձեր աշակերտներուն մօտ սովորոյթի վերածելու խորհուրդներ,
Աշխարհի հայ մանկավարժներուն հետ գաղափարակցելու հնարաւորութիւններ:
ՎԼՈՒՄ <> Ձեր դպրոցը
Կը ցանկա՞ք ՎԼՈՒՄը ձեր դպրոցէն ներս մտցնել: Սիրով օգտակար կ՚ըլլանք:
Գործակցող դպրոցներուն յատուկ մուտք կը տրամադրենք, ինչպէս նաեւ մանկավարժին վահանակը, ընթերցումի ցանկերու կանուխ մուտք, կրթական յատուկ հնարաւորութիւններ եւ ընթերցումի վերլուծումներու պատկեր:
Ամբողջացուցէք հակիրճ դիմումնագիրը, սկսելու համար համագործակցութիւնը ձեր դպրոցին եւ ՎԼՈՒՄին միջեւ:


