Սիրելի՛ մանկավարժներ եւ գործընկերներ,
Այս տարի երբ Vlume-ը թեւակոխեց իր երկրորդ տասնամեակը, ուզեցինք ձեզի հետ կիսել մեր մտածումներն ու զգացումները։ Մինչ տասնամեակը կ՚ենթադրէ որոշ չափի հասունութիւն եւ նոր նուաճումներու դանդաղեցում, մենք իրականութեան մէջ նոր կը զգանք հնարաւորութիւնները իրական ու մշտական դրոշմ դնելու այս ծիրէն ներս:
Այս տարիներու ընթացքին մենք ստեղծած ենք հայ գրականութեան մեծագոյն թուային գրադարանը՝ հարուստ ձայնագիրքերով, թուայնացած գիրքերով ու շարժապատկերային բովանդակութիւններով: Մեր նախնական ուշադրութեան կեդրոնը եղած է դասական գրականութեան պահպանումն ու վերահրատարակութիւնը՝ ժամանակակից պատկերազարդումով եւ թուային ձեւաչափով` գրաւելու ընթերցողները: Ապա աշխատակցած ենք թարգմանիչներու, նոր հեղինակներու, այլ հրատարակիչներու հետ՝ տրամադրելու նորն ու այժմէականը, ընթացքին նաեւ ստեղծելով մնայուն արժեշղթայի տարբերակ մը՝ հրատարակելու ու վարձատրուելու գրականութեան ասպարէզին մէջ: Vlume-ի հարթակը անդադրում ինքնակատարելագործման մէջ է՝ ընթերցողներուն հասնելու համար բջիջային եւ համացանցային գործիքներու միջոցով, սպասարկելով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներու հոն, ուր որ են։ Մեր աշխատանքը շեշտը դրած է նաեւ ձեր՝ կրթական գործընկերներու համագործակցութեան վրայ, յատկապէս անոնց, որոնք մեր հարթակը ներգրաւած են դասարաններէն եւ հաստատութիւններէն ներս: Ձեր գործի ընթացքին կարիքներն ու պատկերացումները անմիջականօրէն ձեւաւորած են մեր առաջնահերթութիւնները, գործնականութիւնը եւ մեր մշակած բովանդակութիւնը։
Մտահոգութիւնը
Մեր համատեղ ջանքերուն ընթացքին միշտ ձեր մտահոգութիւնը յստակ եւ հրամայական եղած է մեզի համար, յատկապէս թէ մենք մեծ տոկոսով կորսնցուցած ենք մատղաշ ընթերցողը: Հսկայ բաց մը, որ տասնամեակներէ ի վեր արդէն գոյութիւն ունի նոր սերունդին հետաքրքրութեան եւ հայ գրականութեան հրամցուցածին միջեւ, որ սրընթացօրէն կը խորանայ եւ կը դառնայ ճնշող իրականութիւն: Կար ժամանակ, երբ դասականները առանձին օգնած էին մեզի պահպանելու մեր ժառանգութիւնը եւ ոգեշնչած ընթերցողներու ընտրանի մը: Թարգմանութիւններ եւ նոր հեղինակներ նոր շունչ տուած են գրական հարստութեան, սակայն ափսոս որ այդ ջանքերը բաւարար չեն եղած ապահովելու տեսականիութիւնն ու քանակը, զոր պիտի գրաւէր ու յափշտակուած պահէր մանուկ եւ պատանի սերունդի անսահման հետաքրքրութիւնը: Հրամայական անհրաժեշտութիւն է ունենալ գիրքեր, որոնք հայերէնով ընթերցումը պարտաւորութեան վիճակէն դուրս կը հանեն, կը դարձնեն բնականօրէն ներսէն բխող յայտնագործութիւն, հետաքրքրութիւն՝ անխտիր բոլորին համար:
Նոր Ծրագիրը
Ուրախ ենք յայտնելու, որ ուղղակիօրէն լծուած ենք այս մարտահրաւէրին մեր լուծումները բերելու: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ երեք տարուայ նախաձեռնութեան մը սկզբին ենք. կը ստեղծենք հարիւրաւոր մանկապատանեկան գիրքեր, որոնցմէ քանի մը տասնեակ արդէն հասանելի են:
VLUME-ի Մանկական Գրականութիւն
Այստեղ կցուած կը գտնէք գրացուցակ մը, որ կՙընդգրկէ առաջին հունձքը՝ գիտական, մարզական, աշխարհագրական եւ գեղարուեստական գրականութեան: Հոն մտածուած կերպով կը ներառնուին մարդկային ու հայկական արժէքներ:
Այս իւրայատուկ գործերը ուշադիր կերպով մշակուած են՝ նկատի առնելով տարիքի համապատասխան նիւթեր, բառամթերք եւ նկարազարդում, որպէսզի միաժամանակ ընթերցողը ե՛ւ գրաւէ, ե՛ւ զարգացնէ: Մեր նպատակը հրատարակչական «մեքենայի» հեռանկարային նախագիծ մը յառաջացնելն է, որուն հիմամբ կ’ընդլայնենք ստեղծագործողներու հետ աշխատանքի ծաւալն ու երանգները, թոյլ տալով նորարարութիւն ընդգրկելու մեր արդէն իսկ փորձուած խմբագրական աշխատելաձեւին:
Մենք խորապէս շնորհակալ ենք այն ուսուցիչներուն, որոնք միացած են մեր հրատարակչական ջանքերուն, ու անդուլ-անդադար եռանդ կը ներդնեն այս գործին մէջ: Մարտ ամսու մեր նախաձեռնութեան սկսելէն ի վեր ամէն շաբաթ նոր վերնագրով գիրք մը կը հրատարակենք եւ կ՚աշխատինք աւելիով մշակել մեր հիմնած այս գործելաոճը։
Միացէք Մեզի
Այսու մենք ձեզ կը հրաւիրենք ուսումնասիրելու գրացուցակը, մասնաւորապէս անոր կրթական բաժինը, եւ բաժնեկցիլ այս գիրքերը ձեր ուսուցիչներուն, ուսանողներուն եւ երեխաներուն հետ: Եթէ ձեր կազմակերպութիւնը տակաւին մեր հիմնարկութեան ծրագրին մաս չի կազմեր, մենք ուրախութեամբ հասանելիութիւն պիտի տրամադրենք մեր աճող գրադարանին: Իրականութեան մէջ, այս ջանքերը յաջողութեան կը հասնին միայն եթէ հաստատուի, որ այդ կարեւոր է ձեզի համար: Ձեր ներգրաւուածութեամբ եւ աջակցութեամբ մենք կրնանք յաջորդ սերունդին ըմբռնել տալ, որ հայերէն գիրքերը, պատմութիւնները պարզապէս ժառանգութիւն չեն. այլ անոնք կը շնչեն իրենցմով ու կը ստեղծուին իրենց համար եւ անսակարկ կը պատկանին իրենց՝ բացայայտելու համար խայտաբղէտ բովանդակութիւնները:
Ամբողջացուցէք հակիրճ դիմումնագիրը, սկսելու համար համագործակցութիւնը ձեր դպրոցին եւ ՎԼՈՒՄին միջեւ:




