Երկլեզու մանուկներու հետ աշխատող իւրաքանչիւր ծնող եւ դաստիարակ ծանօթ է այս պահուն. երեխան նախադասութիւնը կը սկսի հայերէնով, բայց կ՚աւարտէ կամ միտքին կէսին կը փոխադրուի անգլերէնի, կամ իր ապրած վայրին մէջ տիրող լեզուին: Միշտ նախապատուութիւնը կու տայ այն լեզուին, որով կը շնչէ իր դպրոցը, փողոցը կամ պաստառը։ Այս երեւոյթին յաջորդող մտահոգութիւնն ալ նոյնքան ծանօթ է. «արդեօ՞ք անոնց միտքը կը խառնուի, օր մը պիտի կրնա՞ն սահուն տիրապետել իրենց մայրենիին»։
Այս հարցումին մխիթարական պատասխանը կու գայ գիտական հետազօտութիւններէն եւ ոչ թէ բնազդէն։ Այն ինչ որ առաջին հայեացքով շփոթութիւն կը թուի, իրականութեան մէջ ուղեղի բարդ ու զարգացած գործունէութեան արդիւնք է։
Փոխարկման Ետին Գտնուող Գիտութիւնը
Երբ երկլեզու երեխան կը խառնէ լեզուները, սխալ մը չի գործեր։ Ան պարզապէս կ՚ընտրէ այն բառը, որ ամենէն արագ կը հասնի իր մտքին, բացը գոցելով անով որ արագ հասանելին է։ Լեզուաբանները այս երեւոյթը կը կոչեն «լեզուներու յաջորդափոխութիւն» (code-switching), որ արձանագրուած է աշխարհի տարածքին գտնուող բազմաթիւ երկլեզու համայնքներու մէջ՝ Լոս Անճելըսի սպանախօս-անգլիախօս մանուկներէն մինչեւ Փարիզի ֆրանսախօս-արաբախօս, եւ Կլենտէյլի կամ Թորոնթոյի հայախօս-անգլիախօս երեխաները,: Այս շարքը երկար է։
2015 թուականին Child Development Perspectives պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութեան մը մէջ, Եորք Համալսարանի փրոֆեսէօր Էլըն Պիալիսթոք քննեց երկլեզուութեան եւ ճանաչողական (cognitive) զարգացման վերաբերեալ հետազօտութիւնները։ Ան յայտնաբերեց փաստեր, որոնց համաձայն երկլեզու երեխաները ունին աւելի զարգացած գործադիր տնօրինման կարողութիւն (executive function), յատկապէս՝ ուշադրութեան կեդրոնացման եւ ճանաչողական ճկունութեան մարզերուն մէջ, համեմատած իրենց միալեզու տարեկիցներուն հետ։ Այս մեքենականութիւնը խորհրդաւոր չէ. երկու աշխոյժ լեզուներ միաժամանակ կառավարելը անդադար կը մարզէ ուղեղին կեդրոնանալու, զատելու եւ լեզուէ լեզու անցնելու կարողութիւնը։ Լեզուներու յաջորդափոխութիւնը այդ մարզանքին արդիւնքն է եւ ոչ թէ ձախողութեան։
Այս չի նշանակեր, որ երեխաները աջակցութեան պէտք չունին։ Այլ կը նշանակէ, որ այդ աջակցութիւնը պէտք է սկսի ճիշդ հիմքերէ։
Ի՞նչ Է Երեխաներուն Իսկական Պէտքը
Երկու հիմնական գործօններ կը ստեղծեն իրական տարբերութիւնը։
Առաջինը՝ յարատեւ եւ հանդարտ միջավայրն է։ Երեխային կեանքին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր չափահաս՝ ծնող, մեծ հայր կամ մեծ մայր, ուսուցիչ, պէտք է շարունակէ անոր հետ խօսիլ իր բնական, անխառն լեզուով, առանց սրբագրութիւններու կամ մեկնաբանութիւններու։ Ոչ թէ իբրեւ դաս, ոչ թէ իբրեւ պարտադրուած կանոն, այլ պարզապէս իբրեւ այդ յարաբերութեան բնական հիւսուածքը։
Երեխաները լեզուն կը ներծծեն տեւական ու բնական հաղորդակցութեան միջոցով. զայն անդադար ճիշդ արտասանելու ճնշումը յաճախ կը յառաջացնէ ցանկալիին հակառակ արդիւնքը։
Երկրորդը՝ ընթերցանութեան ճիշդ ընտրութիւնն է։ Հետազօտողներ Լաօ եւ Քրաշէն պարզած են, որ երեխաներու մօտ ժառանգուած լեզուի (heritage language) զարգացման լաւագոյնս կը սպասարկեն ոչ թէ պաշտօնական հրահանգներն ու յորդորները, այլ՝ կլանող պատմութիւնները։ Լեզուական աճը կը յայտնուի իբրեւ բնական արգասիք՝ լաւ գիրքի մը մէջ պարզապէս ընկղմելու շնորհիւ։ Հայ ընթերցողներու պարագային, ասիկա կը նշանակէ ունենալ այնպիսի մակարդակի գիրքեր, որոնք մօտ են իրենց արդէն իսկ լսած լեզուին, որպէսզի ընթերցումը թուի հարազատ ճանաչում՝ առաջնորդուած հետաքրքրական կերպարներով եւ պատմութիւններով։
Քանի Մը Գործնական Սկզբունքներ
Չսրբագրենք, այլ ամբողջացնենք։ Երբ երեխան խառն նախադասութիւն մը կը կազմէ, դիմադրե՛նք զայն սխալ համարելու բնազդին։ Պարզապէս կրկնե՛նք նոյն միտքը ամբողջական հայերէնով եւ շարունակե՛նք զրոյցը։ Այսպիսով, ճիշդ ձեւը բնականօրէն կը տպաւորուի անոր մտքին մէջ՝ առանց քննադատուած զգալու։
Ընթերցումը վերածե՛նք հաւաքական մշակոյթի (ծէսի)։ Ընտրե՛նք որոշ եւ կայուն պահ մը՝ տան մէջ քնանալէ առաջ, կամ դասարանին խաղաղ մէկ անկիւնը, ուր հայերէնը կը դառնայ սենեակին միակ լեզուն։ Ոչ թէ դասապահ, այլ՝ սիրելի սովորութիւն, մտերմիկ պահ։
Գնահատե՛նք փոքր յաջողութիւնները։ Բառ մը ճանչնալը, նախադասութիւն մը գոյացնելու փորձը, կամ առանց լեզուափոխութեան էջ մը աւարտելը, իրական նուաճումներ են։ Մօտենանք անոնց ճիշդ այդպէս, եւ երեխաները պիտի սկսին հայերէնը կապել յաջողութեան եւ ոչ թէ դժուարութեան հետ։
Դասարանին մէջ. Լեզուներու յաջորդափոխութիւնը ընդունիլ իբրեւ լեզուական աշխոյժ մշակման նշան, եւ ոչ թէ անմիջապէս սրբագրուելիք երեւոյթ: Այս կրնայ էապէս նուազեցնել այն տագնապը, զոր երեխաները երբեմն կը զգան իրենց մայրենի լեզուին հանդէպ։
Ո՞ւր Է «Վլում»-ին Դերը
«Վլում»-ի մանկապատանեկան գիրքերը ստեղծուած են մէկ հիմնական համոզումով. թէ լեզուն պէտք է երթայ դէպի երեխան, եւ ոչ թէ հակառակը։ Լեզուական մակարդակը այնքան մօտ է երեխաներուն լսած հայերէնին, որ ընթերցումը կը թուի հարազատ հանդիպում եւ ոչ թէ յոգնեցուցիչ ճիգ։ Ասիկա զուգորդուած է այնպիսի գրաւիչ պատմութիւններով եւ պատկերազարդումով, որ լեզուի իւրացումը կը դառնայ ընթերցանութեան հաճոյքին բնական մէկ արդիւնքը։
Այս հանգրուանին, չորս գործօններ կը կատարեն հիմնական աշխատանքը.
1. Տեսողական խարիսխ (Visual anchoring). Գեղեցիկ պատկերազարդումները՝ համադրուած հայերէն բնագիրին հետ, ուղղակի կապ կը ստեղծեն պատկերի եւ բառի միջեւ։ Երեխան կը սորվի անմիջապէս հասկնալ հայերէնը, փոխանակ մտքի ետնաբեմին մէջ ուրիշ լեզուէ թարգմանելու։
2. Մատչելի բառապաշար. Յստակութեան եւ ծանօթութեան սկզբունքով ընտրուած բառերը կը դիւրացնեն մուտքը։ Մայրենի լեզուով գիրքի մը հետ առաջին հանդիպումը պէտք է թուի բաց դուռ մը եւ ոչ թէ անանցանելի պատնէշ։
3. Զգացական կապ. Երբ պատմութիւնը կը գրաւէ երեխային հետաքրքրութիւնը, երբ ան կը սկսի մտահոգուիլ, թէ յաջորդ էջին ինչ պիտի պատահի հերոսին, այդ պատմութիւնը փոխանցող լեզուն կը դադրի օտար թուելէ։ Անիկա կը դառնայ այնպիսի լեզու մը, որուն մէջ երեխան կ՚ուզէ ըլլալ։
4. Վստահութեան կուտակում. Փոքր ու յաջող քայլերը կը զօրացնեն այն համոզումը, որ հայերէն կարդալը իրագործելի է։ Այդ հաւատքը, աւելի քան քերականական, ուղղագրական… որեւէ կանոն, դժկամ ընթերցողը կը վերածէ լեզուասէր անհատի։
5. Ինքնուրոյնութեան գործիքներ. Ներկառուցուած բառարանը կը չքացնէ անծանօթ բառի հանդիպելու դժուարութիւնը։ «Կարդա՛ ինծի համար» յատկութիւնը թոյլ կու տայ լսել հայերէնի բարձրաձայն ընթերցումը՝ զօրակցելով արտասանութեան եւ ընկալման։ Ասոնք միասնաբար հնարաւորութիւն կու տան սկսնակ ընթերցողին՝ գիրքին մէջ քալելու իր սեփական պայմաններով, ուրկէ ալ կը սկսի արմատաւորուիլ իսկական ինքնավստահութիւնը։
Երկլեզուութիւնը, ճիշդ արժեւորման պարագային, երեխային միտքին կողմէ կերտուած ամենէն սքանչելի երեւոյթներէն մէկն է։ Հայոց լեզուն արժանի է մաս կազմելու այդ հոլովոյթին՝ ոչ թէ իբրեւ բեռ, այլ իբրեւ գեղեցիկ աշխարհ մը տանելու բացուելիք դուռ մը: Քայլ, որ կը տանի լեզուին հետ քաղցր յարաբերութեան, ապա՝ տիրապետման:



