Ծանօթացէ՛ք Շարքին - Հայ Գրականութեան Գոհարներ
Ուր հայ մեծանուն գրողները կը հանդիպին իրենց կրտսեր ընթերցողներուն
«Հայ Գրականութեան Գոհարներ» մատենաշարը կը ձգտի փոքրիկ ընթերցողներուն ծանօթացնել հայ դասական գրականութեան անմահ գործերուն՝ կարճ եւ պատկերազարդ վերամշակումներով: Իւրաքանչիւր հատոր կը հիմնուի հայ մեծանուն հեղինակներու՝ Զապէլ Եսայեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Յակոբ Պարոնեանի, Երուխանի եւ ուրիշներու գլուխ-գործոցներուն վրայ. անոնք վերապատմուած են ընդհանրապէս 30 էջէ պակաս ծաւալով՝ նախանձախնդրութեամբ պահպանելով բնագրին շունչն ու ոճը: Վառ պատկերազարդումներու եւ մատչելի լեզուի շնորհիւ, երեխաները կը հաղորդակցին իրենց գրական հարուստ ժառանգութեան հետ՝ կանուխ տարիքէն սկսելով ճանչնալ ու գնահատել այն հեղինակները, կերպարներն ու պատմութիւնները, որոնք կերտած են հայ դասական գրականութեան դիմագիծը:
Հիմնական Տեղեկութիւններ
Տարիքային Խումբ՝ 11+ տարեկան
Ժանր՝
Գեղարուեստական
Դասական (JUV007000)
Պատմական (JUV016000)
Կառուցուածքային Տուեալներ՝
Էջերու միջին թիւը՝ 30
Էջի վրայ բառերու միջին թիւը՝ 50
Կրթական Բնութագիր
Շարքը կ’օգնէ երեխաներուն կանուխ տարիքէն հարազատ ու անմիջական կապ մը ստեղծել հայ դասական գրականութեան հետ՝ զայն ընկալելով իբրեւ հասանելի պատմութիւններ եւ ծանօթանալ հերոսներուն կեանքին իր ժամանակի տարբերութեամբ: Ճոխ պատկերազարդուած այս վերամշակումներուն ընդմէջէն, աշակերտները կը ծանօթանան այնպիսի հեղինակներու, որոնց ձայնը կերտած է քաղաքակրթութիւն մը՝ յատուկ իր օրերուն եւ երբեմն անկէ անդին սլացող երազներով: Ապրելով այդ կերպարներուն հետ, որոնք կը դիմագրաւեն ընդհանրապէս աղքատութիւն, անարդարութիւն եւ դժուարին ընտրութիւններ, երեխաները կը զարգացնեն թէ՛ գրական ճաշակ եւ թէ՛ այն աշխարհին հանդէպ ըմբռնողութիւն, ուր ապրած ու ստեղծագործած են այս հեղինակները: Մատենաշարին նպատակն է ոչ թէ սոսկ գոհացնել պատանի ընթերցողը, այլ արթնցնել անոր հետաքրքրութիւնը. սա առաջին հանդիպում մըն է, որ ժամանակի ընթացքին պիտի վերածուի հայ գրականութեան հետ հաստատուած անվերջ կապի:
Գրական Ժառանգութիւն
Բացայայտել հայ դասական գրականութեան հիմնաքարային գործերն ու հեղինակները՝ տարիքային պատշաճութեամբ պատրաստուած պատկերազարդ վերամշակումներու միջոցով:Պատմական եւ Ընկերային Գիտակցութիւն
Ծանօթանալ հասարակական տարբեր խաւերու կեանքին՝ վաճառականներ, արհեստաւորներ, ընտանիքներ եւ եկեղեցականներ, Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս հայկական միջավայրերուն մէջ:Քննական Մտածողութիւն եւ Բարոյական Դատողութիւն
Հանդիպիլ բարոյական երկընտրանքներու առջեւ գտնուող կերպարներու, ուր «ճիշդն» ու «սխալը» միշտ պարզ չեն, հետեւաբար՝ վարժուիլ երեւոյթներուն խորքը տեսնելու:Մշակութային Ինքնութիւն
Զարգացնել հարուստ գրական աւանդութեան պատկանելու զգացումը՝ կապելով երեխաները հայկական մշակութային հաւաքական յիշողութեան:Ախորժակ՝ Բնագիրներու Հանդէպ
Ընթերցել խնամքով ընտրուած պատառիկներ, որոնք երեխաներուն մէջ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն ամբողջական բնագիրներուն հանդէպ՝ հիմք նախապատրաստելով ապագայի աւելի խորունկ գրական ուսումնասիրութեան համար:
Շարքին Գիրքերը
Զապէլ Եսայեան՝ որուն գորովալից, սակայն անվեհեր արձակը զինք դարձուց իր դարաշրջանի ամենէն երեւելի հայ կին գրողը, բացաւ դռները իր ծննդավայր Սիլիհտարին (Պոլիս)։ Մանկութեան վառ յիշատակներուն, պարտէզներուն, ընտանեկան ջերմութեան եւ պատկանելութեան զգացումին ընդմէջէն, ան կը բացայայտէ այն աշխարհը, որ կերտեց անսակարկ սէր իր ժողովուրդին հանդէպ. սէր մը, զոր ան պաշտպանեց գրիչը ձեռքին՝ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Րաֆֆի՝ որուն քնարական արձակը արթնցուց ամբողջ սերունդ մը դէպի հայ դատը: Հոս կը հետեւի Սալմաստի շրջանէն երիտասարդի մը՝ Մուրատին պատմութեան։ Ընկճումներէն ու աղքատութենէն մղուած՝ Մուրատ կը նետուի ծպտումի ու կեղծիքի կեանքի մը մէջ՝ յայտնուելով հասարակութեան լուսանցքին վրայ։ Մուրատը անխուսափելի արդիւնքն էր այն ժողովուրդին, որ լքուած էր առանց կրթութեան, պաշտպանութեան կամ յոյսի։ Ազնիւ աշխատանքը կը դառնայ իր փրկութիւնը։ Իր էութիւնը ցնցող հանդիպումներու միջոցով, ան կը գտնէ իր ուղին դէպի իր ժողովուրդին ազատագրութիւնը: Ճամբորդութիւն մը, որ կը շարունակուի Րաֆֆիին «Կայծեր» վէպին յաջորդող հատորներուն մէջ։
Գրիգոր Զօհրապ՝ հայ նորավէպի իշխանը եւ Օսմանեան կայսրութեան ամենէն երեւելի իրաւաբաններէն մէկը. ան Պոլիսը դիտեց այնպէս, որուն նմանը քիչեր կրցած են ստեղծել։ Այս հատորին մէջ, որ կը բաղկանայ իր երեք ժողովածուներէն քաղուած պատմուածքներէ, իրեն յատուկ նայուածքով մը, որ մեզ կ’առաջնորդէ դպրոցական սենեակէ մը մինչեւ լուսնկայ պատուհան մը եւ բանտի միջանցք մը՝ նոյն ճշգրտութեամբ անդրադառնալով թէ՛ իր կերպարներուն եւ թէ՛ ինքնիրեն։ Ասոնք երեք պատուհաններ են դէպի աշխարհ մը, որ կերտուած է մարդու մը սուր ու գթառատ աչքով, որ լաւապէս կը հասկնար արդարութեան էութիւնը՝ եւ թէ որքա՜ն հազուադէպ էր անոր իրականացումը։
Յակոբ Պարոնեան՝ «հայ երգիծաբանութեան հայրը» եւ Պոլսոյ հայ համայնքի «Մոլիէրը», ընկերային կեղծիքն ու սնապարծութիւնը թիրախ դարձուց իւրայատկութեամբ մը, որ մինչեւ օրս ժամանակակից կը մնայ։ «Քաղաքավարութեան Վնասներ»-ու այս երկու պատմուածքներուն մէջ, իր կերպարները չեն կրնար արտայայտել իրենց պարզ ու իրական պէտքերը: Մէկը կը հանդուրժէ արիւնլուայ ընող սափրիչին՝ լուռ, պարզապէս անախորժութենէ խուսափելու համար, իսկ ուրիշ մը կը կրէ անհեթեթ ու վիրաւորական վերաբերմունքի շղթայ մը, որուն մասին ոչ ոք կը համարձակի բարձրաձայն խօսիլ։ Երկու տեսարաններն ալ կը վերածուին կատարեալ կատակերգութեան։ Անհանգստութիւնը իրական է, բայց նոյնքան իրական է նաեւ քրքիջը եկած քաղքենիութենէ։
Արամ Հայկազ՝ որուն պարզ ու անմիջական լեզուն, ջերմ հիւմորն ու սուր ակնարկը զինք դարձուցին հայ սփիւռքի ամենէն սիրուած գրողներէն մէկը: «Ապրէ՛ք, Երեխէ՛ք» հատորէն քաղուած այս երկու պատմուածքներուն մէջ կը հանդիպինք մանուկներուն Աստուծոյ ուղղուած նամակներուն՝ հետաքրքրասէր, գթառատ եւ զարմանալիօրէն սրամիտ տողերով: Կամ, երեխաներու, որոնց կենդանիներու կեանքը պաշտպանելու բնազդը աւելի իմաստուն է, քան իրենց շրջապատող բոլոր գործնապաշտ չափահասներունը: Իրողութիւն մը, որ ի վերջոյ կը հաստատէ նաեւ կեանքը: Այս գիրքը երեխաներուն ժպտալ կու տայ, իսկ անոնց կողքին գտնուող մեծերը՝ վերստին երեխայ դառնալու փափաքով պիտի համակէ:
Երուխան՝ որուն իրապաշտ արձակը ամբողջ կեանքի մը յարգանքի տուրքն էր խոնարհ մարդոց, որոնք անտեսուած էին աշխարհին կողմէ՝ Պոլսոյ ձկնորսները, նաւաւարներ, բեռնակիրներ, եւ այլն: Այս պատմուածքով մեզի կը ներկայացնէ Թուման. տարեց ձկնորս մը, որ իր ուռկաններուն հետ մէկտեղ կը կրէ նաեւ վաղուան օրուան հանդէպ իր վախը: Ասիկա պատմութիւնն է մարդու մը կեանքին մէջ այն անտանելի հետեւանքներու ծանրութեան մասին, զորս ինք երբեք չէր կամեցած: Երուխան չի դատապարտեր. ան պարզապէս վկայ կը հանդիսանայ՝ ընթերցողին ձգելով իր տեսածին վերլուծումն ու յուզումը:








