Ծանօթացէ՛ք Շարքին - Խաղ ու Բնագիտութիւն
Շարքը կը միտի զարգացնել գիտական հետաքրքրասիրութիւնը եւ հարցումներու պատասխաններ գտնելու կարողութիւնները:
«Խաղ ու Բնագիտութիւն» շարքով երեխաները հետաքրքրական ճամբորդութեան մը մէջ են դէպի գիտութեան աշխարհը: Խաղերու, փորձերու եւ գործնական վարժութիւններու ընդմէջէն անոնք կը բացայայտեն բնագիտութեան եւ բնութեան հրաշալիութիւնը: Այս գիրքերը ոչ միայն բնագիտութիւն կը փոխանցեն, այլեւ կը ներշնչեն որ սիրեն զայն՝ տեսնելէ ետք թէ՝ ինչպէ՞ս գիտութիւնը կը կապուի առօրեայ կեանքին. այսպիսով իրենց մէջ կը փայլատակէ հետաքրքրութիւնն ու ստեղծագործական կարողութիւնը:
Հիմնական Տեղեկութիւններ
Տարիքային Խումբ: 9+ years
Ժանր:
Ոչ գեղարուեստական
Բնագիտութիւն (JNF051140)
Խաղեր եւ գործնական վարժութիւններ (JNF021000)
Կառուծուածքային Տուեալներ:
Էջերու միջին թիւը՝ 16
Էջի վրայ բառերու միջին թիւը՝ 30
Կրթական Բնութագիր
Շարքը կը զարգացնէ գիտական հետաքրքրութիւնը, զննելու եւ խնդիրները ստեղծագործօրէն լուծելու կարողութիւնը՝ փորձառական ուսուցման միջոցաւ: Երեխաները կը վարժուին իմաստալից հարցումներ ուղղել, փորձել եւ պատասխաններ գտնել: Գործակցութիւնը կը զօրացնէ անոնց մօտ քննադատական մտածողութիւնը՝ միաժամանակ գիտական, արուեստագիտական, երկրաչափական եւ ուսողական (STEM) նիւթերը մատչելի եւ հաճելի կը դարձնէ, կը կառուցէ միշտ հմտանալու ամուր հիմք:
Գիտական մտածողութիւն
Նկատել, հարցեր տալ, փորձարկել եւ փաստերէ ելլելով եզրակացութիւններ ընել։Հետաքրքրասիրութիւն եւ յայտնագործութիւն
Զարգացնել բնութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը եւ մղել ուսումնասիրելու ֆիզիքական երեւոյթները:Ստեղծագործօրէն խնդիրներ լուծել
Կիրարկել գիտութիւնը՝ նորարարական լուծումներ գտնելու համար։Համագործակցային սերտողութիւն
Խումբով աշխատիլ, գաղափարներ փոխանակել, ընկերներէն սորվիլ։Իրական աշխարհի կապեր
Բացայայտել, թէ ինչպէ՞ս բնագիտութիւնը կը գործէ առօրեային մէջ՝ ինկող առարկաներէն մինչեւ տարածուող ձայները։
Շարքի Գիրքերը
Պատրա՞ստ ես քու սենեակդ վերածելու գիտական հրաշքներու տեղի մը: Երբ դուն բանաս մեր «Թռչող Թուղթեր» գիրքը, պիտի յայտնաբերես թէ ինչպէ՛ս պարզ թուղթ մը կրնայ դառնալ սերտուած օդանաւ՝ օրէնքներ գործադրելով: Պիտի դառնաս շինարար՝ ծալելով եւ ստեղծելով, պիտի հասկնաս օդի ուժերը եւ թռիչքի գաղտնիքները, պիտի փորձես տարբեր ձեւեր մրցակցելու ընկերներուդ հետ: Այս գիրքը միայն ընթերցելու համար չէ՝ գործելու համար է:
Օղակը մէջքին շարժելով ուրախացող մանուկը կամ պատանին արդեօ՞ք մտքէն կ՚անցընէ, թէ գիտութիւնը ի՛նչ դեր ունի հոն: Օղակը իյնալու պահը հեռացնելու ճիգերը զինք այնքան կը լարեն, որ հազիւ այդ վայրկեանը կրնայ ապրիլ: Բայց իրականութիւնը անկէ շատ աւելին է: Տեսնենք այս գրքին էջերուն մէջ: Օղակը կամ հուլահուբը...
Հեծանիւ չսիրող մանուկ կամ պատանի կա՞յ: Այդ հաճոյքին քննական աչքով, գիտական մօտեցումով նայիլը տարբեր կապ պիտի ստեղծէ հեծանուորդին եւ իր հեծիկին միջեւ: Բարի Վայելում:
Մէկ հոլ՝ հին ու նոր աշխարհներ կամրջող։ Հոլը գետինը դարձնելու ատեն ո՞վ գիտէր թէ՝ այդ փոքրիկ հաճոյքը հազարամեակներու խորէն իր ձեռքը կու գայ: Մէկ գիրք՝ խաղը գիտութեան վերածելու համար։
Ո՞վ կ՚ըսէր որ սիրուն, գունաւոր կամ փայտեայ, կամ քարէ գնդիկները անգամ բնագիտական օրէնքներ կը պարունակեն իրենց տարբեր վիճակներուն մէջ: «Խաղ ու Բնագիտութիւն» շարքի իւրաքանչիւր գիրք զարմանք պատճառելով երեխային՝ իր ամէն քայլին մէջ մտածող էակ կը դարձնէ: «Գլորուող Գնդիկներ»ն են հոս զինք հմայողը:






