Ծանօթացէ՛ք Շարքին: Գանձերու Կղզին (TV)
Արկածախնդրութեան, քաջութեան եւ գանձերու անժամանակավրէպ պատմութիւն, այժմ հասանելի հայերէնով։
Մեր գրադարանը այժմ կը հրամցնէ «Գանձերու Կղզին» ֆիլմաշարի հայերէնի թարգմանութիւնը: Դասական գլուխ գործոց մը, որ վերստեղծուած է հայերէնով եւ մասնագիտական խնամքով:
«Գանձերու Կղզին» միշտ եղած է արկածախնդրական գրականութեան կեդրոնը, իսկ այս շարքը կ՚աւելցնէ տեսողական ըլլալու առաւելութիւնը, որը պատմութիւնը հայախօս լսարանին կը տրամադրէ։
Հաւատարիմ թարգմանութեան եւ աշխոյժ երկխօսութեան միջոցով ծովուն բացերը, անոր նաւերը, քաջութիւնը եւ ճակատագիրը, առաջին անգամ կեանք կ՚առնեն հայերէնով: Յարմար գործ է ինչպէս ընտանեկան դիտումի, այդպէս ալ դասարանային քննարկումներու համար։
Ընդհանուր տեղեկութիւն
Տարիքային խումբ՝ 8+ տարեկան
Ժանր՝ Գեղարուեստական
Դասական (վերամշակում) (JUV008060)
Մարտական, արկածախնդրական (JUV001000)
Ձեւաչափ՝ 26 բաժին (իւրաքանչիւրը 22 վայրկեան)
Լեզու՝ Հայերէն (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն)
Հիմնուած՝ Ռոբերթ Լուիս Սթիվենսընի «Գանձերու կղզին» դասական վէպին վրայ:
Կրթական բնութագիր
Շարքը պատմելու ներգրաւող եղանակով կը զարգացնէ բարոյական դատողութիւնը, բնաւորութեան վերլուծութիւնը եւ զգացական իմաստութիւնը։
Պատանի դիտողները կը վարժուին բարոյական բարդ իրավիճակներու մէջ արագ գտնել ճիշդ ուղին, կ՚ըմբռնեն, որ մարդիկ միաժամանակ կրնան ըլլալ թէ՛ հիանալի, թէ՛ անհանգստացնող, եւ կ՚անդրադառնան, թէ ինչպէ՞ս մեր ըրած ընտրութիւնները կրնան ճակատագիր որոշել։
Ճիմ Հոքինզին ճամբուն ընդմէջէն՝ անմեղութենէն մինչեւ հասունացումը, երեխաները կը բացայայտեն քաջութեան դերը՝ վտանգի պահուն, հաւատարմութեան արժէքը` դաւաճանութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ շահախնդրութեան ու ազնուութեան բացարձակ տարբերութիւնը։ Հարուստ պատմութիւնը կ՚ամրապնդէ քննադատական մտածողութիւնը՝ միաժամանակ դասական գրականութիւնը սերունդին մատչելի դարձնելով ու գրաւիչ. ստեղծելով իրենց մօտ հիմք մը զայն գնահատելու եւ բարոյական ընտրութիւններու մէջ կողմնորոշուելու համար։ Այս հիմքը շատ ամուր է եւ սահմանները պաստառէն անդին են։
Հայերէն կրկնախօսութեան մէջ ներգրաւուած են 15 մասնագէտ դերասաններ՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուաճիւղերով. հոս ամէն կերպար կը խօսի հայերէնի ի՛ր ճիւղով։ Այս իւրայատուկ մօտեցումը կը ստեղծէ լեզուական բնական միջավայր մը, ուր երեխաները ապրելով կը ծանօթանան հայերէնի երկու ճիւղերուն։ Հետաքրքրական պատմութեան հետեւելու ընթացքին, անոնք հանգիստ կը զգան հայերէնի բազմազանութեան մէջ, միաժամանակ եւ բնականօրէն ուսումնասիրած կ՚ըլլան նաեւ անոնց յատկութիւնները։
Այս շարքը կը զարգացնէ՝
Գրական ճաշակը
Կը ծանօթանան գլուխ գործոցի մը, որ դարերով ու տարբեր մշակոյթներու մէջ ներշնչած է արկածախնդրական պատմութիւններ։Արկածախնդրութիւն եւ աշխարհագրութիւն
Կը ծանօթանան XVIII դարու ծովագնացութեան, նաւարկութեան, գանձերու քարտէսներու եւ ծովահէնութեան «ոսկեդար»ուն։Բարբառային հնչողութիւն
Տասնվեց դերասաններու՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ խօսքը կը ստեղծէ բնական միջավայր մը, ուր կը լսուին միաժամանակ հայերէնի երկու ձեւերն ալ։Քաջութիւն եւ ինքնուրունութիւն
Պատանի Ճիմը ամչկոտ երեխայութենէն կը դառնայ վտանգներ դիմագրաւող քաջ ճամբորդ մը։Կերպարներու խորութիւն
Դիտողը կը ծանօթանայ բարոյապէս բարդ կերպարներու, որոնք միաժամանակ ունին ե՛ւ հիացմունքի արժանի, ե՛ւ անհանգստացնող յատկանիշներ։
Դերակատարներն ու ստեղծագործական խումբը
«Գանձերու Կղզին» ֆիլմաշարի հայերէն թարգմանութիւնը մէջտեղ եկաւ ինքնամոռաց խումբի մը շնորհիւ, որոնք ոչ միայն գրութիւնը թարգմանեցին, այլեւ տուին շունչ, կեանք եւ ձայն։
Ձայներ
Ամիրան Գալստյան, Անի Թորանեան, Արա Թորանեան, Արաքսյա Մելիքյան, Արման Նավասարդյան, Գառնիկ Սեյրանյան, Գոհար Սարգսյան, Գրիգոր Բաղդասարյան, Զարեհ Փայասլեան, Հայկ Սարգսյան, Յակոբ Թովմասեան, Պերճ Ճելլատեան, Ռուդիկ Մարտիրոսյան, Սամվել Դանիելյան
Արտադրութեան Խումբ
Պերճուհի Աւետեան, Յակոբ Թովմասեան, Գառնիկ Սեյրանյան, Լոռի Տեմիր
Թարգմանութիւն ու Բեմագրութիւն
Աստղիկ Ադաբեկյան, Նանոր Միքայէլեան, Մարի Կիւլիւմեան, Շողեր Մարկոսեան, Պերճուհի Աւետեան, Գառնիկ Սեյրանյան,
Երգի Խօսքեր եւ Երաժշտութիւն
Նանոր Միքայէլեան, Կարօ Քէքլիքեան, Երվանդ Մարկարյան, Յակոբ Օրտաքեան
Այս աշխատանքը հնարաւոր դարձաւ շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան:

