Դիտեցէ՛ք վերի պատկերը.- մանուկը խորասուզուած է պատմութեան մէջ, երբ բառ մը ճամբան կը փակէ։ Սովորաբար նախադասութիւնը հոն կանգ կ՚առնէ, կամ գուշակութիւնը կիսատ կ՚ըլլայ, կամ ալ հարցումը կը սպասէ մեծի մը, որ թերեւս սենեակին մէջ չէ։ Հոս՝ մանուկը կը սեղմէ բառին վրայ, բառը ինքզինք կը բացատրէ հայերէնով, եւ պատմութիւնը կը շարունակուի։
Այսօրուընէ սկսեալ, ներկառուցեալ Բառարանը գոյութիւն ունի Vlume-ի մանկապատանեկան պատկերազարդ բոլոր ելեկտրոնային գիրքերուն մէջ՝ թէ՛ համացանցի, թէ՛ բջիջային գործիքներուն վրայ։
Ի՞նչ Փոխանցեցինք
Պատկերազարդ ելեկտրոնային գիրքի մը մէջ որեւէ բառ պահ մը սեղմած մնացէ՛ք, եւ քարտ մը կը բացուի.- տուեալ բառին հայերէն բացատրութիւնն է. իմաստը՝ հո՛ն, էջին մէջ։ Բառարանը բառերը կը ճանչնայ իրենց բոլոր վիճակներով. այսպէս, ընթերցողը, որ նախադասութեան մէջտեղ բառի մը վրայ կը սեղմէ, ճիշդ բացատրութեան կը հասնի՝ առանց բառին բառարանային ձեւը գիտնալու։ Ան կը գործէ գրադարանի բոլոր պատկերազարդ գիրքերուն մէջ, եւ կը պատասխանէ հայերէնով, այնպէս որ նոյնիսկ պատասխանը հայերէն ընթերցումի պահ մըն է։
Ինչո՞ւ Օգտակար է
Ընթերցանութեան հետազօտութիւնը տասնամեակներ տրամադրած է այն հարցին, թէ մանուկները ինչպէ՞ս բառ կը սորվին: Ասոր երեք եզրակացութիւնները կը բացատրեն, թէ ի՛նչ կրնայ ընել մէկ սեղմումով հասանելի բացատրութիւնը։
Առաջին՝ բառերը գիրքերուն մէջ կ՚ապրին։ Դպրոցական տարիքի մանուկներուն բառապաշարը տարեկան հազարաւոր բառերով կ՚աճի, եւ այդ բառերուն մեծ մասը երբեք չ՚ուսուցանուիր։ Learning Words from Context ուսումնասիրութեան մէջ, William Nagy, Patricia Herman եւ Richard Anderson ցոյց տուին, թէ անոնք ուրկէ՛ կու գան: Մանուկները զանոնք կը քաղեն կարդալու ընթացքին՝ պատմութիւններուն մէջ նոր բառերու հանդիպելով, եւ իւրացնելով՝ հանդիպում առ հանդիպում։ Բայց նոյն հետազօտութիւնը զգուշացում մըն ալ կ՚ընէ։ Միայն բնագրէն՝ մէկ հանդիպումով քիչ բան կ՚իւրացուի. պատմութիւնը մանուկին ցոյց կու տայ նոր բառը, բայց միշտ չ՚ըսեր, թէ ան ի՛նչ կը նշանակէ։ Բառը շրջապատող նախադասութիւնը ակնարկ մը կու տայ, նկարը՝ ուրիշ մը, եւ մանուկը կը կազմէ կիսատ իմաստ մը, որուն ամբողջացումը թերեւս շատ ուրիշ գիրքեր կարդալ պահանջէ, եւ եթէ երբեք ամբողջանայ իսկ։ Ներկառուցեալ բառարանը կը փոխէ այդ առաջին հանդիպումին հաշիւը. ակնարկի փոխարէն, մանուկը հիմա ի՛նք՝ ամբողջութեամբ կրնայ ստանալ իմաստը, մինչ բառը տակաւին իր դիմաց՝ էջին վրայ է։
Երկրորդ՝ պատասխանը առանց աւելորդ շեղումի պէտք է ստանալ, այլապէս երբեք պիտի չհարցուի։ Երբ Jan Hulstijn եւ իր գործընկերները ընթերցողներուն բառարաններ տուին եւ հետեւեցան անոնց, ընթերցողները հազիւ բացին զանոնք, որովհետեւ պատմութենէն պահ մը հեռանալը ու էջերու մէջ բառի մը իմաստը փնտռտելը իսկական աշխատանք է։ Սակայն այն բառերը, որոնք փնտռեցին, շատ աւելի լաւ մնացին իրենց յիշողութեան մէջ, քան գուշակութեան ձգուած բառերը։ Թուղթէ բառարանը ձախողեցաւ ո՛չ թէ որովհետեւ լաւ չէր պատասխաներ, այլ որովհետեւ պատասխանելէ առաջ ընթերցուած նիւթէն լուրջ կտրուիլ կը ստիպէր։ Մէկ սեղմումը այդ վիճակը ամբողջութեամբ կը վերացնէ։ Մանուկը, որ երբեք բառարան պիտի չբերէր, եւ երբեք դասարանը կամ ոեւէ մօտիկ մէկը պիտի չընդհատէր հարցնելու համար, հիմա կը հարցնէ գիրքի՛ն , ընթերցանութեան ժամանակ, քանի անգամ որ ուզէ, ու հոնկէ կ՚անցնի նիւթին շարունակութեան։
Երրորդ՝ պատմութեան մէջ սորված իմաստը մնայուն է։ Բառապաշարի տասնամեակներու ուսումնասիրութիւնները համախմբող իրենց վերլուծութեան մէջ, Steven Stahl եւ Marilyn Fairbanks գտան, թէ մանուկները բառերը յաւիտենապէս կ՚իւրացնեն, երբ երկու բան միասին կը հասնի իրեն. բացատրութիւն, եւ կենդանի բնագիր մը, որ բառը ճիշդ գործածութեան մէջ ցոյց կու տայ։ Իւրաքանչիւրը առանձին՝ նուազ արդիւնաւէտ է։ Թուղթէ բառարանը բառն ու իմնաստը միշտ իրարմէ հեռու պահեց. բառը սեղանին վրայ՝ պատմութեան մէջ էր, իսկ անոր իմաստը՝ դարակի ուրիշ գիրքի մը մէջ։ Ներկառուցեալ բառարանը զանոնք կրկին կը միացնէ, բացութիւն չ՚ստեղծեր։ Մանուկը ձեռքին մէջ ունի նախադասութիւնը, հերոսը, նկարը, եւ բացատրութիւնը կը հասնի ասոնց բոլորին մէջտեղը՝ ա՛յն պահուն, երբ հարցումը տակաւին թարմ է։ Բառ մը, որ ժամանակին բազմաթիւ քայլերու կը կարօտէր հաստատուելու համար, հիմա կը սկսի մանուկին պատկանիլ՝ առաջինէն իսկ։
Դիտմամբ Կեդրոնացած
Բառարանը ընթերցուող նիւթը չ՚ընդհատեր, ընթերցումի սլացքը չի միջամտեր։ Քարտը կը բացուի էջին վրայ, եւ կը գոցուի՝ վերադառնալով նիւթի շարունակութեան։ Ո՛չ երկրորդ ծրագիր, ո՛չ գիրքէն ելլել, ո՛չ ալ ուրիշ սեղմելիք բան։ Նոյն կարգապահութիւնը, որ Համընթաց Ընթերցումը կերտեց, հոս ալ կը գործէ. պատմութիւնը մանուկին ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կը գրաւէ, իսկ բառարանը գոյութիւն ունի միայն՝ պատմութիւնը իրեն կապուած պահելու համար։
Միտք Բանին
Լեզու մը կ՚աճի, երբ իր զաւակները կը շարունակեն անով ընթերցել։
Մանուկը պատմութիւն մը կ՚ընտրէ այնքան ատեն, որ պատմութիւնը իմաստ ունի. իսկ իւրաքանչիւր չբացատրուած բառ փոքր քուէ մըն է՝ յաջորդ էջին դէմ։ Vlume-ի մէջ մեր կերտուած ամէն ինչ երեխային ընտրութեան վրայ կը գուրգուրայ. հաւաքածոյ մը՝ բաւական ընդարձակ, որ կը համապատասխանէ իւրաքանչիւր ճաշակի եւ մակարդակի, ձայն մը, որ կողքին կը կարդայ՝ երբ որ ուզուի, իսկ հիմա՝ բառարան մը, որ լուռ կը սպասէ գրադարանի իւրաքանչիւր բառին ետին։
Բացէ՛ք պատկերազարդ գիրք մը, գտէ՛ք բառ մը, որ չէք գիտեր, եւ սեղմեցէ՛ք։
Մանուկը, կրնայ գիրքին հարցնել, երբեք առիթ չունի ցրուելու իր ընթերցման հաճոյքին մէջ։


