2 Comments
User's avatar
Armen Urneshlian's avatar

Փոխադրումէն ալ անդին երթալու է մանաւանդ նակապատանեկական գիրքերուն պարագային: Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Գրիգոր Շահինեան ասոր լաւագոյն օրինակները կը տրամադրեն մեզի՝ «մանկավարժական պատշաճեցում» ճիշդ բնորոշումով: Կ'ափսոսամ, որ անոնց գործը հաստատութենականութեամբ չօժտուեցաւ, այլապէս սփիւռքահայ աշակերտական ընթերցումը շատ պիտի շահէր: Իբրեւ օրինակ կրնամ նշել Աբովեանի «Վէրք...»-ին արեւմտահայերէն փոխադրումը, որ շատ լաւ ձեւով կատարած է Արմենակ Եղիայեանը, բայց առանց ամփոփելու, եւ այդ իսկ պատճառով չունեցաւ նոյն ժողովրդականութիւնը ինչ ունեցան Յարութին «Կայծեր»-ը եւ այլն:

Vlume's avatar

Սիրելի Արմէն, շնորհակալութիւն։ Դուք գործնականօրէն կը հաստատէք այն, ինչ յօդուածը կը հարցնէ տեսականօրէն։ Եղիայեան, Քիւրքճեան, Շահինեան եւ ուրիշներ ցոյց տուին, որ գործը կատարուած է եւ կատարուելու է — պակասը եղած է գիտակցութիւնն ու ընդհանրացումը, եւ անշուշտ այլ պատճառներ: Լեզուն աշխուժացնելու պարտականութիւնը ըլլալով բոլորիս, Վլումի միջոցաւ կ'աշխատինք կուտակուած դժուարութիւնները վերացնել եւ կամ մեղմացնել, ու հզօրացնել ուսուցիչէ ուսուցիչ, դպրոցէ դպրոց։ Արդէն կը տեսնենք գործող օրինակներ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ։

Հարցը բաց կը ձգենք բոլորին — կը խնդրեմ կիսէք հարցախոյզը գործընկերներու հետ: Շնորհակալութիւն: