Ծանօթացէ՛ք Շարքին: Նարնիայի Քրոնիկները
Քաջութեան, զոհողութեան եւ կախարդանքի անժամանակավրէպ ճամբորդութիւն, հիմա հասանելի հայերէնով։
Ք. Ս. Լուիսի գլուխ գործոց «Նարնիայի Քրոնիկները» երեւակայական շարքը սերունդներ գերած է՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Հայերէնի հաւատարիմ թարգմանութեամբ եւ գրաւիչ պատմողականութեամբ եօթը գիրքերէ բաղկացած այս ժողովածուն հասանելի է մեր գրադարանին միջոցաւ: Այս գործը կը ներկայացնէ քաջութեան, բարեկամութեան եւ հոգեւոր աճումի նիւթեր, միաժամանակ ամրապնդելով հայերէնը: Շարքին հրամցուցած ե՛ւ զուարճանքը, ե՛ւ բարոյական կողմերը զայն կը դարձնեն ընտանեկան ընթերցանութեան եւ կրթական նպատակով օգտագործելու համար՝ իտէալական:
Ընդհանուր տեղեկութիւն
Տարիքային խումբ՝ 8+
Ժանր՝ Գեղարուեստական գրականութիւն
Երեւակայութիւն եւ կախարդանք (JUV037000)
Գործողութիւն եւ արկածներ (JUV001000)
Գործ՝ Ք. Ս. Լուիսի դասական «Նարնիայի Քրոնիկներ» շարքը
Լեզու՝ Հայերէն (թարգմանութիւնը՝ Նանոր Միքայէլեանի եւ Քրիսթիան Պատիկեանի)
Կառուցուածքային տուեալներ՝ Գիրքը բաղկացած է եօթը հատորներէ (իւրաքանչիւր գիրք մօտաւորապէս 33,000 բառ)
Կրթական բնութագիր
Ք. Ս. Լուիսի «Նարնիայի քրոնիկները» եզակի աղբիւր է՝ բարեմիտ դատողութիւններու, բնաւորութեան ձեւաւորման եւ բարոյական որոշումներու կայացման զարգացման համար. ներգրաւող պատմողական ոճով մը, որ աւելի քան 75 տարի է կը ձեւաւորէ մատղաշ սերունդի աշխարհայեացքը։ Նիւթին ընդմէջէն երեխաները կ՚ուսումնասիրեն անժամանցելի նիւթեր՝ բարիի ու չարի պայքար, քաջութիւն, ազատարարութիւն եւ անձնազոհ սէր: Սովորական երեխաներու ճամբորդութիւններուն միջոցին, ինչպէս օրինակ՝ Փիւենսիները, ընթերցող երեխաները կ՚ըմբռնեն որ սկզբունքային ըլլալը բացառիկ յաջողութիւններու կը հասցնէ: Անոնց մօտ կը զարգանայ քննադատական մտածողութիւն հաւատարմութեան մասին, փորձութեան եւ բարեշնորհութեան մասին. միջոցին իրենց մօտ կը զարգանայ այլաբանական պատմություններու գրական ճաշակ։
Արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը սերունդին բնական կերպով կը ծանօթացնէ եւ կը զօրացնէ գեղեցիկ բառապաշար մը՝ մղելով անոնց տիրապետել անոր եւ աւելի բարդ լեզուական կառուցուածքներու ձգտիլ, գրաւիչ արկածախնդրութիւններուն հետեւելուն զուգահեռ։ Կարեւոր է յիշել, որ այս թարգմանութեան մատչելի արեւմտահայերէնը կը ներառէ ժամանակակից երեխաներու խօսքին խաղային ոճը, հռետորաբանութիւնը՝ միաժամանակ պահպանելով Ք. Ս. Լուիսի բնագրին խորութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Անով ան կը դառնայ իտէալական ընտրութիւն դասարանային ընթերցանութեան համար։
Հիմնական կրթական արժէքներ
Քաջութիւն
Հերոսները կը բախին վտանգներու եւ կ՚ապացուցեն, որ քաջութիւն կը նշանակէ ճիշդ գործել նոյնիսկ՝ վախի պարագային։Ներողամտութիւն եւ փրկութիւն
Էտմունտը եւ Եուսթասը ցոյց կու տան, որ սխալները կրնան դասեր դառնալ խոնարհութեան եւ փոփոխութեան շնորհիւ։Ուղղամտութիւն
Պատմութիւնները կը շեշտեն պարկեշտութիւնն ու խոստումը յարգելը՝ բացայայտելով դաւաճանութեան հետեւանքները։Հայերէնի զարգացում
Հարուստ բառապաշարը եւ ժամանակակից արտայայտութիւնները կ՚ամրապնդեն արեւմտահայերէնի տիրապետումը՝ կապող պատմութեան ընթերցման միջոցին։Քննադատական մտածողութիւն
Երբ հերոսները կ՚արժեւորեն առաջնորդները, միջոցին ընթերցողները կը վարժուին զանազանել ճշմարտութիւնը խաբէութենէն։Ընկերութիւն եւ հաւատարմութիւն
Հերոսներուն միջեւ եղած ամուր կապերը ցոյց կու տան դժուար պահերուն ընկերներու կողքին կենալու արժէքը։
Հասանելի է տպագիր տարբերակով
Եօթ հատորներէ բաղկացած ամբողջ շարքը արեւմտահայէրենով (փափուկ կազմ) հասանելի է նաեւ Cascade Press հրատարակչութեան մօտ։
Աւելի քան 100 միլիոն վաճառուած օրինակներով եւ 47 լեզուներով տարածուած՝ «Նարնիայի Քրոնիկները» կը համարուին մանկական գրականութեան ամենասիրուած ստեղծագործութիւններէն մէկը։ Vlume-ի դպրոցական գրականութեան ցանկին մէջ այս շարքը կը համարուի ամենապահանջուածներէն մէկը՝ ապացուցելով իր մշտական գրաւչութիւնը հայ ընթերցողներու շրջանակին մէջ։
Inside the Series
Նարնիա... երկիր մը, ուր յաւիտենական ձմեռ է... երկիր մը, որ կը սպասէ իր ազատագրութեան։ Չորս արկածախնդիր քոյրեր ու եղբայրներ՝ Փիթըր, Սուզըն, Էտմունտ եւ Լուսի Փեւենսիներ, հանդերձարանի մը դուռէն ներս մտնեով կը հասնին Նարնիա սառած երկիրը, ուր ճերմակ վհուկին իշխանութեան տակ՝ յաւիտենական ձմեռ կը տիրէ։ Երբ ամէն յոյս կորսուած է, հզօր առիւծին՝ Ասլանին վերադարձը, մեծ փոփոխութիւն կ՚ազդարարէ, ինչպէս նաեւ... մեծ զոհողութիւն։ Ճամբորդութիւն՝ դէպի հանդերձարանէն անդին գտնուող երկիր մը։ «Առիւծը, Վհուկը եւ Հանդերձարանը» Ք. Ս. Լուիսի դասական հեքիաթաշարքին առաջին գիրքն է, որ 1950-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր կրցած է գրաւել ամէն տարիքի ընթերցողները։
Նարնիա… ուր կենդանիները կը խօսին... ուր ծառերը կը քալեն, ուր շուտով պատերազմ պիտի սկսի։ Փեւենսիները կը վերադառնան Նարնիա օգնելու իշխանի մը, որ զրկուած է գահի իր արդար իրաւունքէն. իշխան մը, որ հակառակ յուսալքուած ըլլալուն, բանակ կը հաւաքէ ու կը փորձէ երկիրը ազատել իր կեղծ թագաւորէն։ Վերջաւորութեան, երկու տղամարդոց մէջ պատուոյ պատերազմ կ՚ընթանայ, որ պիտի վճռէ ամբողջ աշխարհի ճակատագիրը։ Պատերազմ մը պիտի սկսի Ք. Ս. Լուիսի դասական հեքիաթաշարքին երկրորդ՝ «Քասպիան Իշխանը» գիրքին մէջ, որ 1951-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր հմայած է իր ընթերցողները։
Նարնիա… ուր վիշապ մը կ՚արթննայ... ուր աստղեր կը քալեն երկրի վրայ... ուր հնարաւոր է ամէն բան։ Թագաւոր մը քանի մը անսպասելի ընկերակիցներով ճամբորդութեան մը կը ձեռնարկէ, որ զիրենք պիտի տանի բոլոր յայտնի երկրամասերէն անդին։ Երբ աւելի ու աւելի կը հեռանան քարտէսագրուած ծովերէն, կը հասկնան, որ իրենց որոնումը շատ աւելին է, քան կ՚երեւակայեն եւ թէ աշխարհին ծայրը պարզապէս սկիզբ է։ «Արշալոյսի Տիրակալին ճամբորդութիւնը» Ք. Ս. Լուիսի դասական հեքիաթաշարքին երրորդ գիրքն է, որ 1952- ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր կրցած է առինքնել բոլոր տարիքի ընթերցողները երեւակայական ու կախարդական այնպիսի երկրամասերով, որոնց գոյութեան մասին աւելի քան վաթսուն տարի չէին իսկ երազած։
Նարնիա… ուր հսկաները կը կործանեն… ուր չարը անէծք կը հիւսէ եւ ուր կ՚իշխէ կախարդանքը։ Անիմանալի վտանգներու եւ մութ ու խորունկ քարանձաւներու մէջէն, խումբ մը ազնիւ ընկերներ կը ղրկուին փրկելու գերի ինկած իշխանը։ Բայց անոնց առաքելութիւնը դէպի ընդյատակ զիրենք կը կանգնեցնէ չարիքին դէմ-յանդիման, որ շատ աւելի գեղեցիկ ու շատ աւելի մահացու էր, քան երբեւէ կրնային ակնկալել։ Ք. Ս. Լուիս անգամ մը եւս կը դիւթէ իր ընթերցողը իր «Արծաթէ Աթոռ»՝ դասական հեքիաթաշարքի չորրորդ գիրքով, որ իր անմոռանալի հերոսներով,1953-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր, բոլոր տարիքի ընթերցողները կը կանչէ դէպի այս կախարդական երկիրը։
Նարնիա… ուր ձիերը կը խօսին… ուր դաւաճանութիւն կը նիւթուի… ուր կը սպասէ ճակատագիրը։ Բուռն ճամբորդութեան մը ընթացքին, երկու փախստականներ կը հանդիպին ու կը միանան։ Թէեւ անոնք միայն իրենց թշուառ կեանքէն կ՚ուզէին փախիլ, սակայն շուտով իրենք զիրենք կը գտնեն սարսափելի պատերազմի մը մէջ։ Պատերազմ մը, որ պիտի վճռէր թէ՛ իրենց, թէ՛ նոյն ինքն Նարնիայի ճակատագիրը։ «Ձին ու իր Տղան» Ք. Ս. Լուիսի դասական հեքիաթաշարքի հինգերորդ գիրքն է, որ իր կախարդական վայրերով ու անմոռանալի կերպարներով, 1954-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր կրցած է հրապուրել բոլոր տարիքի ընթերցողները։
Նարնիա… յաւերժական ձմրան մէջ սառած երկիր, երկիր մը որ կը սպասէ իր ազատագրման։ Կեանք մը փրկելու իրենց փորձին մէջ երկու ընկեր կը նետուին ուրիշ աշխարհ մը, ուր չար աճպարարը կը փորձէ զիրենք հպատակեցնել։ Բայց յետոյ, Առիւծ Ասլանին երգը կու գայ շաղախուելու նոր երկրի մը հողին, այն երկիրը, որ պիտի ճանչցուի Նարնիա անունով։ Իսկ Նարնիայի մէջ հնարաւոր է ամէն բան։ Այս գիրքին մէջ, ականատես պիտի ըլլաք կախարդական երկրի մը ստեղծումին: Սա Ք. Ս. Լուիսի դասական հեքիաթաշարքի վեցերոդ գիրքն է, որ 1955-էն ի վեր կրցած է գրաւել ամէն տարիքի ընթերցողները։
Նարնիա… ուր սուտը վախ կ՚առաջացնէ, ուր հաւատարմութիւնը փորձութեան կ՚ենթարկուի։ Ուր յոյսի նշոյլ կարծես չկայ։ Նարնիայի վերջին օրերուն, երկիրը կը դիմագրաւէ իր ամենադժուար մարտահրաւէրը, ու դէմ յանդիման կը յայտնուի ներքին թշնամիին հետ։ Սուտերն ու դաւաճանութիւնը արմատներ նետած են։ Միայն թագաւորն ու անոր հաւատարիմ հետեւորդներուն պզտիկ խումբը կը յաջողին խափանել իրենց համար թանկագին երեւոյթներու կործանումը եւ ասիկա, Նարնիայի Քրոնիկներուն փառահեղ աւարտն է։ Ականատես եղէք բոլոր պատերազմներու մեծագոյնին. «Վերջին Մարտը»՝ Ք. Ս. Լուիսի դասական հեքիաթաշարքին եօթներորդ եւ վերջին գիրքը:










