ՎԼՈՒՄԻԿէն բարի գալուստ ձեզի:
Դուք արդէն մեր ցանկին վրայ էք (եւ կը կարծենք որ արժէքաւոր է ձեզի համար):
Դուք ՎԼՈՒՄԻԿին ցանկին վրայ էք, որովհետեւ մաս կը կազմէք հայ գրական եւ կրթական շրջանակին՝ ըլլա՛յ որպէս մանկավարժ, տնօրէն, գրադարանավար, կամ որպէս հայ լեզուով եւ գրականութեամբ զբաղուող, կամ հետաքրքրուող:
Գլուխ Առաջին․ Ի՞նչ է ՎԼՈՒՄԻԿը
ՎԼՈՒՄԻԿը մեր հարթակն է, որ կարելութիւն կու տայ բաժնեկցիլ կրթական ուղին ոգեշնչող պատմութիւններ, թէ ինչպէս հայ գրականութիւնը կը կենդանացնէ դասարանները եւ կը կապէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ուսանողները։ Հոս մենք բոլորիս համար կը տեղաւորենք աշխարհի տարածքին ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն տարած աշխատանքէն բաժիններ, որոնք իրենց ուսանողներու խումբերուն հետ կենդանութիւն կու տան հայ գիրքերուն։
Եթէ կը կարծէք, որ ՎԼՈՒՄԻԿը ձեզի համար չէ, պարզապէս կրնաք ջնջել ձեր բաժանորդագրութիւնը վարի կապին վրայ սեղմելով:
Եթէ այստեղ արժէք մը կը գտնէք, շատ ուրախ կ՚ըլլանք ձեզ այս շրջանակին մէջ ունենալով:
Քանի մը Օգտակար Մանրուքներ
Եթէ մեր գրառումները չհասնին ձեզի, հաճեցէք ստուգել ձեր “spam”ի ծրարը եւ նշեցէք որպէս “not spam”
Ամէն ինչ կրնաք կարդալ այս հասցէէն. substack.vlumeeg.com
Ձեզմէ եկած ամէն գրութեան կը պատասխանենք:
Շնորհակալութիւն, եւ եթէ յարմար նկատէք, հաճեցէք ձեր շրջապատին բաժնեկից դարձնել:
Սկսինք:
ՎԼՈՒՄի Մանկավարժական Խմբակ


