Սիրելի մանկավարժներ, 2025-ը կարեւոր անցումային տարի մըն էր մեզի համար՝ ոչ միայն նոր մանկապատանեկան գիրքերու հրատարակութեամբ եւ կամ ընթերցողներու թիւի աճով, այլ նոր ոճ ու գործելաձեւեր ստեղծելու, դպրոցներու եւ ուսուցիչներու հետ հայ գրականութիւնը աւելի գործնական ոճով սկսնակ ընթերցողին հրամցնելու աշխատանքով։ Մեր միասնաբար կառուցածը հիմքը կը կազմէ մեծ վերափոխումի մը սկիզբին՝ թէ ինչպէ՞ս հայերէն բովանդակութիւնը կրնայ հասնիլ մանուկ կամ պատանի ընթերցողներու սիրտերուն ու միտքերուն։
Հիմքի Կառուցում — 2025-ի Նուաճումները
Այս տարուան երեք զարգացումները պատկերն են մանկավարժներու շրջանակէն ներս հարթակի աճող ներթափանցումին։
Մանկապատանեկան Պատկերազարդ Գիրքեր — Նոր Գրադարան մը Կը Կազմուի
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ մանկապատանեկան պատկերազարդ նոր շարքերու նախաձեռնած ենք: Շաբաթական նոր գիրքի մը հրատարակութեամբ՝ այսօր արդէն մանուկ / պատանի ընթերցողին, մանկավարժին եւ ծնողքին տրամադրութեան տակ կան եօթը նոր շարքեր ու 45 գիրքեր: Այս շարքերը նախատեսուած են չորս տարեկանէն եւ աւելի մեծ ընթերցողին համար: Անոնց նպատակն է խթանել զարգացող լեզուի հարստացումը, պատմելու ներգրաւող ոճով մը, որը անհրաժեշտ է յատկապէս այսօրուան ընթերցողին համար: Աւելին կարդալու համար կրնաաք հետեւելիլ այս կապին.
Դասարաններէ Ներս Որդեգրումը — Դպրոցները Կը Միանան Շարժումին
Դպրոցներու մասնակցութեան տոկոսը միայն 2025 թուականին 250% տոկոսով աճած է: Այս երկու բան կը հաստատէ՝ ա. լուրջ կարիքի առկայութիւնը հայերէն գրականութեան համապարփակ աղբիւրներու, բ. մեր կողմէ այդ պէտքին հասնելու կարողութիւնը:
Եթէ ձեր կրթական հաստատութիւնը կը փափաքի մասնակցիլ այս ծրագրին, մինչեւ փետրուար 2026 կարելի է դիմել այս կապով:
Վլումիկ ել-Պարբերականը — Համաշխարհային Համայնքի մը Ձեւաւորումը
Վլումիկ ել-պարբերականը համախմբեց աւելի քան 1,200 մանկավարժներ, համայնք մը, որ միաւորուած է այն համուզումով, որ հայոց լեզուի կենսունակութեան մէջ դասարանը իր հսկայ եւ հիմնական դերը ունի։
Վլումիկին կարեւորութիւնը - Աղբիւրներու ցանկագրումէն անդին Վլումիկ մը անհրաժեշտ էր որպէս վայր մը, ուր արար աշխարհի հայ մանկավարժները կը միաւորուին, իրենց դասարանային փորձառութիւնները բաժնեկցելու, փոխանցելու գործնական աշխատելաձեւեր՝ պարզապէս մանուկներուն կամ պատանիներուն ընթերցման սէրը ու ներգրաւուածութիւնը զօրացնելու մտքով:
Երթալով աւելի պիտի օգնէ այս ել-պարբերականը, ուսուցիչներու արձագանգները հաւաքելու, որոնք լրջօրէն կ՚օգնեն նոր նախագիծեր մշակելու, ուսումնասիրելով հոնկէ բխող նիւթերը, փորձարկելով նորարարական ձեւեր —ապահով ըլլալով որ մեր ստեղծածը կը համապատասխանէ սերունդներու ձեր խմբակներուն աճող կարիքներուն:
Առաջ Նայինք — Ի՞նչ Սպասել 2026-ին
2026-ին հանդէպ ոգեւորուած ենք, քանի որ իր հետ պիտի բերէ գործիքներ, որոնք պատանիին պիտի օգնեն անկախ ընթերցող դառնալու, զարգացնէ իր մէջ հայերէն ընթերցելու բնական կիրք մը, անկախ թէ ո՛ր մակարդակէն ընթերցել սկսած է ան:
Ներկառուցուած Բառարաններ — Ընթերցում՝ առանց ընդհատումի
Փետրուարը իր հետ պիտի բերէ մանուկներու գիրքերու մէջ ներհիւսուած բառարաններ: Սկսնակ ընթերցողը նոր բառի մը դիմաց պիտի գտնէ վայրկենական բացատրութիւն՝ առանց գիրքը մէկդի դնելով բառարան փնտռելու: Բան մը, որմով ինքնավստահ ընթերցողը ուշադրութեան ցրուումի չի հանդիպիր:
Պատմէ՛ Ինծի — Խօսող գիրքեր
Տարուան ա. կիսուն մեր խօսող գիրքերը պիտի հրապարակուին: Հմուտ պատմողներ պիտի ընթերցեն ու մինչ այդ արտասանուուող բառերը գոյն պիտի ստանան: Այսպիսով տուեալ բառին արտասանութիւնը եւ ընթերցանութեան հասանելիութիւնը ապահովուած կ՚ըլլայ տարբեր չափի կարողութիւն ունեցող երեխաներուն համար. ինչպէս նաեւ անոնք հանգիստ պիտի զգան տարբեր բարդութեամբ պատմութիւններ ընթերցելու, քանի իրենք զիրենք այլեւս հայերէնի ինքնուրոյն ընթերցող կը զգան:
Նոր Շարքեր — Ցանկի Հարստացում
Գալիքին պիտի հրամցուին պատմութեան, հայ գրականութեան, երաժշտութեան, արուեստի եւ գիտութեան նիւթեր ընդգրկող շարքեր. բոլորը գեղարուեստական ոճով, որը ուսումը կը վերածէ յայտնագործութեան: Աւելին, կը հրաւիրենք մանկավարժներ մաս կազմելու այս դաշտին, որպէսզի սերունդին ու յատկապէս դասարանէն ներսի կարիքները բաւարարուած ըլլան:
Զարգացում եւ Ընկերակցութիւն
Վլումը տեւական կը զարգանայ, որպէսզի գործնական մնայ դասարաններու եւ տուներու մէջ, տարիքային բոլոր խմբակներուն համար: Ձեր ուշադրութեան կարիքը ունինք նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու եւ եղածները զտելու ընթացքին —ձեր տեսակէտը կը ձեւաւորէ մեր յաջորդ քայլը:
Դուք մէջտեղ կը բերէք ինքնավստահ, մշակութային գետնի վրայ կայուն ընթերցողներ, որոնք հայերէնը պիտի տանին առաջ՝ հասցնելով անսպասելի մակարդակներու: Համեստօրէն կը փորձենք նպաստել այս ճամբուն եւ երախտագէտ դեր խաղալ զայն իրականացնելու մէջ:
Շնորհակալութիւն ձեզի՝ 2025-ը իսկական զարգացման տարի դարձնելու ձեր դերին համար. յուսալով որ 2026-ը միասնաբար իւրայատուկ տարուայ կը վերածենք:
Երախտագիտութեամբ,
Վլումիկի Խմբակ




Յաջողութիւն