Թուային Գրականութեան Կրթական Արժէքը
Հայ երիտասարդ ընթերցողը ամրապնդել թուայնացած աշխարհէն ներս
Կրթական ոլորտին մէջ գոյութիւն ունի մանկավարժներու փոքր, բայց ձայնաւոր խումբ մը, որոնք ամբողջովին կը մերժեն թուային ընթերցանութիւնը՝ համոզուած ըլլալով, թէ պաստառի հետ կապուած ամէն տեսակի անցնող ժամանակ վնասակար է երեխաներուն ուսման համար։ Հոն պարզապէս կը նոյնացնեն պաստառի վրայ գիրք կարդալը ընկերային ցանցերու մէջ շրջագայելուն կամ տեսախաղեր խաղալուն հետ: Սակայն բոլոր թուային փորձառութիւնները նոյնը չեն։ Որպէս հայկական թուային գրադարան, որ կը գործակցի դպրոցներու, գրադարաններու եւ համայնքներու հետ ամբողջ աշխարհի տարածքին, մենք ամէն օր կը տեսնենք տարբերութիւնը։ Այս յօդուածին մէջ, մենք կը բաժնեկցինք վստահելի հետազօտութիւններ եւ մեր սեփական փորձառութիւնը՝ փաստելու համար, որ —յատկապէս մեր պարագաներուն մէջ— տուեալները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ի նպաստ թուային ընթերցանութեան են։
Թուային Գիրքը Շարունակութիւն,
Ոչ Փոխարինում
Հարցը տպագիրը ընդդէմ թուայինին չէ, այլ թէ՝ երեխան ընդհանրապէս կը կարդա՞յ, թէ ոչ։ «International Literacy Association»-ը՝ աշխարհի 128 երկիրներու մէջ 300,000-էն աւելի մանկավարժներ միաւորող համաշխարհային ցանց մը, 2024 թուականի իր դիրքորոշման յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ որակը աւելի կարեւոր է, քան միջոցը։ «International Journal of Environmental Research and Public Health» ամսագրին մէջ հրատարակուած վերլուծական ակնարկ մը, որ ուսումնասիրած էր 14 պատահական սակայն վերահսկուած փորձարկումներ՝ ընդգրկելով +1,100-է աւելի երեխաներ, հասաւ յստակ եզրակացութեան․ երբ ելեկտրոնային գիրքերը պատշաճ կերպով ընտրուած եւ գործածուած են, երեխաները կը զարգացնեն գրագիտութեան հմտութիւններով նոյնքան լաւ եւ երբեմն՝ աւելի լաւ, քան տպագիր գիրքերու պարագային։ «NAEYC»-ի եւ «Fred Rogers Center»-ի համատեղ դիրքորոշման յայտարարութիւնը մանկութեան կանուխ շրջանի կրթութեան մէջ ճարտարարուեստի գործածութեան մասին պարզ ձեւով կը ձեւակերպէ հարցը թէ՝ կարեւորը կրթական բովանդակութեան որակն է, ոչ թէ ներկայացման ձեւաչափը։
Սփիւռքի հայկական երեխաներուն համար, ուր իրենց լեզուով տպագիր գիրքերը սակաւ են, սուղ եւ դժուար հասանելի, թուային գիրքը չի փոխարիներ տպագիր գիրքը, այլ կը հասնի հոն, ուր տպագիր գիրքը երբեք չէր կրնար։
Աւելի Լաւ Է Միասին
Տպագիր գիրքով կլանուած, էջերը դարձնող եւ պատմութեան մէջ խորասուզուած երեխային պատկերը կրթութեան մէջ կը մնայ ամենահզօր պատկերներէն մէկը։
Տպագիրը կու տայ կեդրոնացում, խոր ներգրաւուածութիւն եւ խաղաղ անկիւն՝ զերծ շեղումներէ։ Սակայն հետազօտութիւնները հետեւողականօրէն ցոյց կը տան, որ լաւագոյն արդիւնքները կը ստացուին ոչ թէ մէկ ձեւաչափ ընտրելով, այլ երկուքը մէկտեղելով։ 2024 թուականին «Heliyon»-ին մէջ հրատարակուած վերլուծում մը, որ ուսումնասիրած էր 37 փորձառական հետազօտութիւններ, թուային եւ տպագիր ձեւաչափերու միջեւ ընթերցանութեան ընդհանուր ըմբռնման մէջ նշանակալի տարբերութիւն չգտաւ եւ եզրակացուց, որ այս երկու ձեւաչափերն ալ ունին տարբեր առաւելութիւններ, որոնք կը լրացնեն զիրար։ Թուային ընթերցանութիւնը ունի մատչելիութիւն, փոխադրելիութիւն եւ փոխազդեցիկ աջակցութիւն։ Երբ բովանդակութիւնը լաւ մշակուած է եւ զերծ շեղումներէ, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երեխաները նոյնքան արդիւնաւէտ կերպով կը կեդրոնանան եւ կը հասկնան, որքան տպագիր ընթերցանութեան պարագային։
Ամենակարեւոր գործօնը միջոցը չէ, այլ մանկավարժը՝ որ կ՚ընտրէ ճիշդ գիրքը, ծնողքը՝ որ կը կարդայ երեխային հետ, եւ ընթերցումին յաջորդող դասարանային զրոյցը։ Ձեւաչափը միջոցն է։ Սենեակին մէջ գտնուող չափահասն է վարորդը։
Մշակութային Կամուրջ, Ոչ Թէ Արգելք
Հալէպի, Պէյրութի կամ Կլենտէյլի մէջ ապրող հայ երեխան գուցէ հասանելիութիւն ունենայ գրախանութներու եւ համայնքային գրադարաններու։ Սակայն անկէ անդին, օրինակ՝ Միջին Արեւմուտքի փոքր քաղաքներու՝ Սան Փաուլօ, կամ աւելի հեռու Սիտնի բնակող երեխան գրեթէ եւ վստահաբար չունի այդ հնարաւորութիւնը եւ նոյնիսկ այն վայրերուն մէջ, ուր հայկական գիրքեր գոյութիւն ունին, սիրուած բազմաթիւ վերնագիրներ այլեւս տպագրութեան մէջ չեն եւ վերատպութեան հեռանկար չունին։ Թուային գրադարանը միաժամանակ կը լուծէ երկու խնդիրներն ալ․ ան կը դարձնէ գոյութիւն ունեցող գրականութիւնը հասանելի ամէնուր եւ կը վերակենդանացնէ այն գործերը, որոնք այլապէս պիտի կորսուէին ամբողջ սերունդի մը համար։
Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ թուայինը կ՚ընէ աւելին։ Ան ստեղծագործողներուն կու տայ նոր գրականութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կերտելու հնարաւորութիւն՝ գրելու, պատկերազարդելու, հրատարակելու, ուսուցիչներէ եւ ընթերցողներէ արձագանգ հաւաքելու եւ եղածն ու գալիքը կատարելագործելու։ Ահա թէ ինչ կ՚ընէ «Vlume»-ի մանկապատանեկան պատկերազարդ գիրքերու նախաձեռնութիւնը, որ մեկնարկած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ․ արտադրելով հարիւրաւոր բնօրինակ հայկական մանկապատանեկան գիրքեր՝ գիտական եւ ոչ գեղարուեստական գրականութենէն մինչեւ տարիքին յարմար գեղարուեստական գործեր՝ հիմնուած թեմաներու վրայ, յաճախ համեմուած հայկականով, որոնք մշակուած են մանկավարժներու հետ սերտ գործակցութեամբ։
Երեխաներուն Հանդիպինք Հո՛ն,
Ուր Անոնք Կը Գտնուին
Ազնուօրէն ընդունինք, թէ ինչի դէմ կը գտնուինք։ Հայկական թուային ընթերցանութեան մարտահրաւէրը տպագիր հայկական գիրքերու հետ մրցակցութիւնը չէ․ այդ կաղապարը արդէն իսկ ապացուցած է իր սահմանափակութիւնը՝ ծաւալի, տարածման եւ տնտեսական պատճառներով։ Իրական մրցակցութիւնը շատ աւելի հզօր է։ Լաւագոյն պարագային մենք կը մրցինք անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, արաբերէնի եւ այլ գերիշխող լեզուներու հետ, որոնք կը լեցնեն մեր երեխաներուն դասարանները, գրադարաններն ու հոսքային հարթակները։ Ամենէն վատ եւ աւելի տարածուած պարագային մենք կը մրցինք տեսախաղերու, ընկերային ցանցերու, կարճ ձեւաչափի բովանդակութեան եւ ակնթարթային բաւարարութեան անվերջ քաշողականութեան հետ։ Ամէն ժամ, որ երեխան կ՚անցընէ անիմաստ շրջագայելով այդ էջերուն վրայ, ընթերցանութենէն կորսուած ժամ է, որ չի տրամադրուիր ոչ մէկ լեզուի։ Հայկական թուային գրադարանը չի պահանջեր, որ երեխաները հեռանան իրենց պաստառներէն։ Ան կը հանդիպի անոնց հոն եւ կ՚առաջարկէ իմաստալից բան մը՝ այդ նոյն իրենց այդ միջավայրին մէջ, ուր գերիշխած է անցողիկ բովանդակութիւնը։
Թող ձեւաչափի շուրջ բանավէճերը շարունակուին։ Բայց այն երեխան, որ անկախ միջոցէն՝ հայերէն կը կարդայ, արդէն իսկ շահած է։
Ի՞նչ Կը Կերտէ Vlume-ը
«Vlume»-ը պարզապէս հայկական գիրքերու թուայնացումով չի սահմանափակուիր։ Ան կը կերտէ գրադարան մը, որ նախատեսուած է կրտսեր եւ երիտասարդ ընթերցողներուն հայերէն կարդալու ցանկութիւն ներշնչելու համար, ոչ թէ որովհետեւ անոնց կ՚ըսուի, որ պէտք է, այլ որովհետեւ իրենց գտածը իսկապէս հմայիչ է։ Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն մեր աճող ելեկտրոնային գիրքերու, ձայնագիրքերու եւ պատկերազարդ մանկապատանեկան գիրքերու հաւաքածոն կազմուած է մէկ նպատակով՝ երեխաները ապշեցնել ընտրութեան առատութեամբ։ Պատմութիւններ, որոնք կը ներառեն գիտութիւն, պատմութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ եւ տարբեր տարիքներու յարմար գեղարուեստական գրականութիւն։ Իւրաքանչիւր վերնագիր մշակուած Է մանկավարժներու հետ եւ կը կրէ իրական կրթական արժէք։ Որովհետեւ երբ երեխան ընտրելու համար մէկի փոխարէն ունի տասը գրաւիչ հայկական գիրք, ընթերցանութիւնը կը դադրի տնային աշխատանքի զգացում տալէ։
Նպատակը, անշուշտ, կը գերազանցէ հայերէն ընթերցանութիւնը։ Մենք կ՚ուզենք դաստիարակել մշակութային արմատներով ամուր, բայց աշխարհին բաց երեխաներ, երիտասարդ ընթերցողներ, որոնք կը զարգացնեն ամուր արժէքներ, կը հասկնան եւ կը յարգեն այլ մշակոյթներ, կը մտածեն քննադատաբար եւ կը կրեն այն ինքնավստահութիւնն ու մտածելակերպը, որոնք անհրաժեշտ են իրենց ընտրած որեւէ ճամբուն մէջ յաջողելու համար։ Հայկական գրականութիւնը ե՛ւ նպատակակէտն է, ե՛ւ ուղին — ան կը զօրացնէ երեխային արմատները եւ միաժամանակ կը ձեւաւորէ այն մարդը, որ պիտի դառնայ։
Եւ մենք տակաւին սկզբին ենք։ 2026 թուականին «Vlume»-ը պիտի ներկայացնէ նոր հնարաւորութիւններ, որոնք պիտի զօրացնեն թէ՛ ընթերցողները եւ թէ՛ ուսուցիչները՝ այնպիսի գործիքներով, որոնք տպագիր հրատարակութիւնները պարզապէս չեն կրնար տալ․ սկսած ներգործօն ընթերցանութեան աջակցութենէն մինչեւ ներգրաւող ձայնային փորձառութիւններ, որոնք կը համապատասխանեն իւրաքանչիւր երեխայի մակարդակին։ Մանրամասնութիւնները կարելի է կարդալ մեր 2025–2026 թուականներու յայտարարութեան մէջ։





