Փոքրիկ ընթերցողներու հետ աշխատող իւրաքանչիւր կրթական մշակ դպրոցական տարեշրջանի վերջաւորութեան կ՚ապրի այս հարցին ի՛ր տարբերակը.- այն երեխան, որ վերջապէս գտած էր իր ընթացքը եւ կենդանացած՝ գիրքերու էջերուն մէջ, երկու ամիս պիտի անցընէ բոլորովին տարբեր միջավայրի մը մէջ, իսկ Սեպտեմբերը անկէ պիտի պահանջէ վերսկսիլ ամէն ինչ սկիզբէն։ Այս մտահոգութիւնը ծանօթ է բոլորիս։ Եւ, ինչպէս կը պարզուի, անիկա լիովին հիմնաւորուած երեւոյթ է։
Ամառը եւ Երեխային Ընթերցանութիւնը
Կրթական հոգեբանութեան մէջ այս երեւոյթը ունի իր յատուկ անունը՝ «ամառնային ուսման կորուստ» (summer learning loss), երբեմն ալ կոչուած է՝ «ամառնային անկում» (summer slide)։ Անոր ընթացակարգը բարդ չէ. երբ երեխաները երկարատեւ արձակուրդի ընթացքին կը հեռանան ընթերցանութենէն, իրենց զարգացուցած ուսումնական հմտութիւնները կը սկսին նահանջել։
1975-էն 1995 թուականներու հետազօտութիւնները ընդգրկող համադրական վերլուծութեան մը մէջ, Հարիս Քուփըր (Harris Cooper) եւ իր գործընկերները գտան, որ աշակերտները ամրան ընթացքին կը կորսնցնեն մօտաւորապէս երկուքէն երեք ամսուան ընթերցանութեան յառաջդիմութիւնը, ընդ որում՝ ամենամեծ կորուստները կը պատահին նուազ եկամուտ ունեցող ընտանիքներու երեխաներուն մօտ։ Յաջորդող քննութիւն մը՝ RAND Education-ի կողմէ (McCombs et al., 2011), հաստատեց այս կուտակային պատկերը. թէ այս կորուստները տարիներու ընթացքին կը կուտակուին եւ էապէս կը նպաստեն բարեկեցիկ եւ անապահով աշակերտներու միջեւ յառաջացած ակադեմական բացին։
Միւս կողմէ, Քիմի եւ Քուինի (Kim and Quinn, 2013) համադրական վերլուծութիւնը ամփոփեց ամառնային ընթերցանութիւնը խթանող 41 միջամտութիւններ՝ սկսեալ դասարանային կազմակերպուած յատուկ ծրագիրներէն մինչեւ տնային պայմաններու մէջ երեխային նախաձեռնութեամբ կատարուած ընթերցանութիւնը։ Անոնք գտան, որ այն երեխաները, որոնք կարդացած են ամրան ընթացքին, գրագիտութեան տարբեր չափանիշներու գծով արձանագրած են զգալի բարելաւում՝ ի տարբերութիւն չընթերցողներուն։
Ամառնային ընթերցանութիւնը պարզապէս վահան մը չէ կորուստներու դէմ. անիկա ձեռքբերումներու այնպիսի հնարաւորութիւն մըն է, զոր դպրոցական տարին, կաշկանդուած ուսումնական ծրագիրով ու ժամանակով, հազուադէպօրէն կրնայ ընձեռել նոյն չափով։
Ինչո՞ւ Մանկական Գրականութիւնը Երկրորդական Հարց Մը Չէ
Այն գիրքերը, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ ամրան ընթացքին երեխային ձեռքերուն մէջ պիտի ըլլան, մանկական գիրքերն են։ Այս յաճախ կ՚ըմբռնուի այնպէս, թէ այդ գիրքերը չեն հարստացներ երեխային միտքն ու հոգին, չեն փոխանցեր էական բովանդակութիւն: Սակայն հետազօտութիւնները շատ աւելի հետաքրքրական իրականութիւն մը կը պարզէ։
Նախ նկատի առնենք բառամթերքը։ Յենելով Հէյզի եւ Ահրենսի (Hayes and Ahrens, 1988) դասական տուեալներուն վրայ, որոնք յետագային ժողովրդականացան Քանիհամի եւ Սթանովիչի (Cunningham and Stanovich, 1998) կողմէ՝ «Ինչ կ՚ընէ ընթերցանութիւնը միտքին համար» աշխատութեան մէջ, գիտենք, որ մանկական գիրքերը կը պարունակեն աւելի հազուագիւտ ու բարդ բառապաշար, քան համալսարանաւարտներու խօսակցական լեզուն։ Ասիկա փոքրիկ ընթերցողներուն կու տայ մշտական շփում այնպիսի բառերու եւ կառոյցներու հետ, զորս սովորական խօսակցութիւնը, որքան ալ հարուստ ըլլայ, չի կրնար վստահելիօրէն փոխանցել։
Յետոյ կայ ընկերային չափումը։ Ռէյմընտ Մարի (Raymond Mar) եւ իր գործընկերներուն (2006) կողմէ Journal of Research in Personality հանդէսին մէջ հրատարակուած եւ լայնօրէն վկայակոչուած հետազօտութեան մը համաձայն, գեղարուեստական գրականութիւն կարդացողները աւելի բարձր արդիւնքներ ցոյց տուած են «մտքի տեսութեան» (theory-of-mind) չափանիշներուն մէջ, այսինքն՝ դիմացինին մտածածն ու զգացածը կռահելու կարողութեան գծով։ Այդ հետազօտութիւնը կատարուած էր չափահասներու հետ. Ուլանտինին (Wulandini) ու իր գործընկերները (2017) նոյն յայտնաբերումը կատարեցին ինը ու տասը տարեկան երեխաներուն վրայ՝ փաստելով, որ գրական բարձրորակ գեղարուեստական գրականութեան ընթերցումը, համեմատած հանրամատչելի գրականութեան կամ ոչ-գեղարուեստական գիրքերուն հետ, շօշափելի յառաջդիմութիւն արձանագրած է նոյն այդ կարողութեան մէջ։
Կայ նաեւ յուզական լեզուի հարցը։ Շուերինկ (Schwering) եւ իր գործընկերները (2021), գրելով Affective Science հանդէսին մէջ, յայտնաբերեցին, որ գեղարուեստական գրականութեան հետ ունեցած փորձառութիւնը կը զարգացնէ յոյզերու ճանաչման կարողութիւնը։ Անոնց բացատրութիւնը հետեւեալն է. գեղարուեստական գրականութիւնը անհամեմատօրէն հարուստ է բարդ յուզական բառապաշարով. ոչ միայն հիմնական, դիւրըմբռնելի յոյզերը, այլեւ աւելի բարդերը, ինչպէս՝ մխիթարանք, արհամարհանք, ակնկալութիւն, յուսահատութիւն։ Գեղարուեստական գիրք կարդացող երեխան էջ առ էջ կը սորվի անուանել ուրիշներու զգացումները։
Ի՞նչը Իրապէս Յաջող կը Դարձնէ Ամառնային Ընթերցանութիւնը
Ընթերցանութեան մղումներուն շուրջ կատարուած հետազօտութիւնները յստակօրէն կը մատնանշեն երեք պայմաններ, որոնք կ՚որոշեն, թէ արդեօք երեխաները կամովին պիտի շարունակե՞ն կարդալ։ Ինքնորոշման տեսութիւնը (Self-Determination Theory, Deci & Ryan, 2000)՝ տասնամեակներու հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած համակարգ մը, որ կը քննէ, թէ ինչն է որ կը յառաջացնէ տեւական, ներքին մղումը, զանոնք յստակօրէն սահմանելով։ Անոնց ճշգրիտ անուանումը կարեւոր է, որովհետեւ ատոնք այնպիսի պայմաններ են, զորս դաստիարակներն ու ընտանիքները կրնան աշխուժօրէն ստեղծել։
Ձգեցէք որ երեխա՛ն ընտրէ։ Ինքնավարութիւնը կեդրոնական դեր ունի ներքին մղումին մէջ։ Այն երեխաները, որոնք իրենք կ՚ընտրեն իրենց գիրքերը, աւելի շատ եւ աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդան, քան անոնք, որոնք կը պարտադրուին կարդալու յատկացուած ցանկերէն։ Ամառը, զերծ մնալով ուսումնական ծրագիրի կաշկանդումներէն, բնական միջավայրն է ասոր համար։
Գիրքը համապատասխանեցուցէ՛ք ընթերցողին։ Գիրք մը ամբողջացնող երեխան բառապաշարէն անդին բան մը կը շահի. այն համոզումը, որ ինք կրնայ դարձեալ ընել նոյնը։ Անպիսի գիրքեր, որոնց պատմութիւնը կը գրաւէ նախքան լեզուին դժուարութիւն յառաջացնելը, կը ստեղծեն այնպիսի ինքնավստահութիւն մը, որ ընթերցող կը դարձնէ նոյնիսկ այն անձը, որ վստահ չէր իր կարողութիւններուն վրայ։
Զայն վերածեցէ՛ք համատեղ փորձառութեան։ Ծնողքի մը կողքին կարդալը, պատմութիւն մը քննարկելը, ընտանեկան միջավայրի մէջ գիրք մը բարձրաձայն լսելը՝ ընթերցանութեան պարզ յաւելումներ չեն։ Ասոնք ամենավստահելի պայմաններն են՝ ընթերցանութիւնը տեւական սովորութեան վերածելու համար։
Ո՞ւր Է Որ Վլումը (Vlume) Դեր Կը Ստանձնէ
Vlume-ի գրացուցակը, որ կը համադրէ հայերէն բնագիրները միջազգային թարգմանական գրականութեան հետ՝ թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ՛ ոչ-գեղարուեստական բաժիններուն մէջ, երեխաներուն կու տայ բան մը, զոր պարզ մէկ գրադարակը հազուադէպօրէն կրնայ տալ.- իսկական ընտրութիւն կատարելու լայն տեսականի։ Փնտռելը, համեմատելը եւ գիրքի մը շուրջ որոշում կայացնելը այն ճամբաներն են, որոնցմով երեխաները կը զարգացնեն այն զգացումը, թէ ընթերցանութիւնը իրե’նց կը պատկանի. պայման մը, զոր հետազօտութիւնները կը նկատեն ամենակարեւորը՝ ընթերցման սովորութիւնը տեւական պահելու համար։ Սփիւռքի երեխաներուն համար այս գրացուցակը աւելի՛ն կ՚ընէ. անիկա հասանելի կը դարձնէ այնպիսի հայերէն գիրքեր, որոնք իրենց քաղաքի որեւէ գրախանութ դժուար թէ ունենայ։
Հարթակը կառուցուած է հետազօտութիւններուն նկարագրած պայմաններուն համաձայն։ Պատկերազարդ գիրքերը փոքր տարիքի ընթերցողներուն կու տան ուղղակի կապ մը պատկերին եւ բառին միջեւ՝ նպաստելով բառապաշարի հարստացման, նախքան սահուն ընթերցանութեան ամբողջական տիրապետումը։ Ներդրուած բառարանը կը վերացնէ անծանօթ բառերու յառաջացուցած դժուարութիւնը՝ թոյլ տալով ընթերցողին շարունակել առանց պատմութիւնը ընդհատելու։ «Կարդա՛ ինծի համար» յատկութիւնը բարձրաձայն կը կարդայ բնագիրը՝ օգնելով արտասանութեան եւ հասկացողութեան զարգացման։ Անիկա նաեւ գիրքը կը վերածէ բանի մը, զոր ծնողքն ու երեխան կրնան միասին վայելել, ինչ որ հետազօտութիւններուն նշած երրորդ պայմանն է։
Գրացուցակը կ՚ընդգրկէ դասական եւ յարմարեցուած գրականութիւն, ինչպէս՝ «Հայ Գրականութեան Գոհարներ», «Համաշխարհային Գանձեր» եւ «Նարնիայի Քրոնիկները»․ պատկերազարդ շարքեր՝ 4 տարեկանէն սկսեալ ընթերցողներու համար, որոնց կարգին են՝ «Արջուկ՝ Մեծ Քաջ Քամփռը» եւ «Անտառի Հերոսները»․ գիտութիւնն ու բնաշխարհը ընդգրկող ոչ-գեղարուեստական շարքեր, ինչպէս՝ «Մեր Երկիր Մոլորակը» եւ «Խաղ ու Բնագիտութիւն»․ ինչպէս նաեւ՝ «Նախասիրած Մարզախաղս»՝ այն երեխաներուն համար, որոնք դէպի գիրքեր կը քալեն մարզանքի ճամբով։ «Գանձերու Կղզին» գիրքը, թարգմանուած եւ իբրեւ շարժանկարի շարք մը, բառացիօրէն ընտանիքով դիտելու հրաշալի առիթ մըն է։
Ամառը կը վերջանայ։ Այն ինչ, որ երեխան իր հետ դպրոցական վերամուտին կը տանի, շատ աւելի է՝ քան ինչ որ չափահասներուն մեծամասնութիւնը կը պատկերացնէ. այդ կախում ունի այն բանէն, թէ ան ի՛նչ կը կարդար ազատ ամիսներուն։
Ծանօթանալու Վլումի գործերուն մասին կարդալ՝




