Դպրոցական տարին կը սկսի, եւ Vlume-ը կրկին ու նոր ցանկերով դպրոցներուն կը տրամադրուի։ Եթէ հայերէն կը դասաւանդէք՝ ըլլա՛յ ամէն օր, թէ շաբաթը մէկ անգամ, եւ կ՚ուզէք ձեր ուսանողներուն ընթերցանութեան հորիզոնը ճոխ ըլլայ եւ դասագիրքէն անդին անցնի, ուրեմն այս գրութիւնը ձեզի համար է։
Եթէ նոր էք հոս
Vlume-ը հայերէն ընթերցանութեան եւ ունկնդրութեան հարուստ հարթակ մըն է։ Հազարաւոր վերնագիրներ, ժամեր՝ արհեստավարժ կատարողութեամբ ձայնագիրքերու, արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, մատչելի ձեր բոլոր գործիքներէն։ Դասականներ, ժամանակակից հեղինակներ, թարգմանութիւններ, մանկապատանեկան պատկերազարդ գիրքեր, կազմակերպուած ինքնատիպ շարքերով, որոնք մինչեւ վերջերս դեռ հայերէնով գոյութիւն չունէին։
Դպրոցներ Vlume-ը կը գործածեն 2020-էն ի վեր։ Անոնցմէ շատերուն համար ան այսօր ծրագրին մաս կը կազմէ, որպէս օժանդակ գործիք՝ Գ. դասարանէն սկսեալ եւ անկէ վեր, մինչ վարի կարգերու դասարաններու ուսուցիչները արդէն կ՚օգտուին անկէ։ Գրադարանը դասագիրքին կողքին կը կենայ. դպրոցի ծրագիրը կ՚որոշէ՝ թէ ի՛նչ պէտք է կարդացուի: Vlume-ը այն տեղն է, ուր երեխաները կը շարունակեն կարդալ հայերէնով։
Միօրեայ դպրոցներուն համար ասիկա աւելի՛ կարեւոր է։ Երեխաները կը տեսնէք շաբաթը միայն քանի մը ժամ։ Vlume-ը իրենց հետ է միւս վեց օրերուն։
Ահա ի՛նչ կը տրամադրենք ձեր դպրոցին
Դպրոցին սեփական մուտքը՝ իր անունով, դիւրութիւններ աշակերտներ աւելցնելու ըստ դասարանի եւ ուսուցիչի, եւ տեսնելու՝ թէ ի՛նչ կարդալ եւ ունկնդրել կը նախընտրեն երեխաները։
Զրուցակից մը՝ ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցումներու եւ առաջարկներու համար։
Տարին երկու հանդիպումներ մեր հարթակի եւ հրատարակչութեան խումբերուն հետ։ Ուսուցիչները մեզի կ՚ըսեն՝ ի՛նչ կը պակսի, կամ պէտք է բարեփոխուի. մենք ըստ այնմ մեր առաջնահերթութիւնները կը վերակազմակերպենք։ Հարթակին վրայ այսօր վերնագիրներ կան, որոնք բխած են ուսուցիչներու առաջարկներէն։
Երկու փոքր միջոց, որոնք շատ բան կ՚ընեն
Համընթաց Ընթերցում.- Ձայնային գիրքերու բնագիրը բառ առ բառ կը լուսաւորուի, ընթերցումը կատարողին ձայնին հետեւելով։ Երեխան, որ տակաւին առանձին չի կարդար, այսուհանդերձ ամբողջ պատմութեան կը հետեւի, եւ ահա մտքին մէջ ինքնին հնչիւնին ու տառին կամ բառին միջեւ կապը կը հիւսուի արդէն։
Բառարան.- Բառին դպչեցէք, իմաստը տեսէք, շարունակեցէք ձեր ընթերցումը։ Ո՛չ երկրորդ յաւելուած, ո՛չ կորսուած էջ, ուշադրութեան ցրուումի ոչ մէկ պահ։
Չէք գիտեր ուրկէ՞ սկսիլ. սկսեցէ՛ք հոսկէ
Դասականները ներառուած են, հազարաւոր էջերով։ Ինչ որ մենք աւելցուցած ենք՝ ինքնատիպ շարքեր են, ստեղծուած մասնակից դպրոցներու ուսուցիչներուն հետ, այն երեխային համար, որ տակաւին չէ որոշած թէ արդեօ՞ք ընթերցանութիւնը իրեն համար է։ Իւրաքանչիւրը կը սկսի բանէ մը, որ երեխան կը սիրէ արդէն.- մարզաձեւ մը, կենդանի մը, մոլորակ մը, ծովահէն մը, բնագիտական հնարք մը, հեքիաթ մը գրական դէմքերու ստեղծածներէն։ Պատկերազարդումն ու ասմունքը կատարուած են այնպէս, որ կարենան հանգիստ կենալ աշխարհի լաւագոյն մանկական գիրքերուն կողքին։ Ցանկը քանի մը ամիսը անգամ մը կ՚աճի։ Ներքեւը կը ներկայացնենք այսօրուայ դրութեամբ պատկերազարդ գիրքերու ցանկը. իւրաքանչիւր շարք՝ իր տարիքային խումբով եւ անհատին կամ դասարանին բերած օգուտով.
Տակաւին կը վարանի՞ք. հասկնալի է
Երեք գրութիւններ կրնան օգտակար ըլլալ՝ թէ ինչո՛ւ ընթերցանութիւնը կարեւոր է, ինչո՛ւ թուային ընթերցանութիւնը էական տեղ ունի դպրոցին մէջ, եւ ի՛նչ պէտք է երկլեզու երեխային.
Սկսինք
Սկսիլը պարզ է։ Կը սկսի կամքով եւ մէկ սեղմումով։ Հիմա՛ կը ծրագրենք՝ Սեպտեմբերի եւ Հոկտեմբերի համար։
Որեւէ հարցի համար դիմեցէք ստորեւ, կամ նախ գրեցէք info@vlume.com։













